ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ իր հրապարակած լուրին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան լրագրողներուն ներկայացուց հաւաքականներուն նոր մարզիչները:
«Հաւաքականի բոլոր խումբերուն մէջ տեղի ունեցաւ մարզիչներու փոփոխութիւն: Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ նախորդ մարզիչները իրենց վրայ դրուած յոյսերը չարդարացուցին», ըսաւ Գէորգեան:
«Մեծերու հաւաքականը պիտի գլխաւորէ Կարէն Աղամալեան, իսկ անոր օգնականը պիտի ըլլայ պատանիներու հաւաքականի մարզիչ Արման Յարութիւնեան: Երիտասարդական հաւաքականը կը գլխաւորէ Վազգէն Բադալեան», շարունակեց ան:
«Աւագ պատանիներու հաւաքականը պիտի գլխաւորէ Ֆեդիա Ալեքսանեան, կրտսեր պատանիներունը` Արշաւիր Գրիգորեան: Վերջապէս, աղջկանց հաւաքականը պիտի շարունակէ գլխաւորել Յարութիւն Նազարեան», եզրափակեց ֆետերասիոնին նախագահը` Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքին տուած իր հարցազրոյցին մէջ: