Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Փոխանցեց Յատուկ Յանձնախումբի Մը

December 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

France_120315

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը որդեգրած է երեսփոխան Վալերի Պուայէի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ օրինագիծը յատուկ յանձնախումբի փոխանցելու վերաբերեալ որոշում մը:

Քուէարկութեան մասնակից 38 երեսփոխաններէն 26-ը թեր քուէարկած են բանաձեւը յանձնախումբին փոխանցելու որոշումին, իսկ 12-ը դէմ: Քննարկումին մասնակցած եւ խօսք արտասանած երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը համաձայն էր, որ Ֆրանսան ունենայ օրէնք մը, որով պատիժ սահմանուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն դէմ, սակայն վերջնական որոշում տրուեցաւ նախագիծը ուղարկելու յատուկ յանձնախումբ:

«Ժամանակն է, որ Ֆրանսան ստանձնէ այն պատասխանատուութիւնը, որ ունի ժողովրդավարութեան պահպանման հարցին մէջ: Յոյս ունիմ, որ խորհրդարանի երեսփոխանները պիտի ըլլան միասնական օրինագիծին քուէարկութեան ժամանակ», քննարկման սկիզբը յոյս յայտնած է Պուայէ:

Յունուար 2013-ին Պուայէի պատրաստած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ նախագիծը որդեգրուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ, սակայն երկրին Սահմանադրական խորհուրդը զայն սահմանադրութեան հակասող ճանչցած էր:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Տալով Պատկերասփիւռի Կայաններուն. Նախագահ Սարգսեան Անդրադարձաւ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

Յաջորդը

Խմբագրական. Կազմակերպուածութեան Որակն Ու Ժողովրդային Ընդառաջումի Փաստերը (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.