Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով, Քերրի Եւ Տեզիր Կը Յայտարարեն. «Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափը Ամէնէն Ընդունելին Է»

December 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

OSCE_120315

Պելկրատի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի Եւրոպական հարցերով նախարար Հարլեմ Տեզիր հրապարակած են յայտարարութիւն մը` վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համատեղ միջնորդելու յանձնառութիւնը:

Անոնք ողջունած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիի տակ տեղի ունենալիք հանդիպումը: «Վերջին շրջանին լարուածութեան աճի հետ կապուած մենք կը յորդորենք կողմերուն դարձեալ յանձն առնել տագնապի խաղաղ լուծումը եւ փարատել բոլոր թիւրընկալումները այն մասին, որ իրենք լուրջ չեն տրամադրուած բանակցուած լուծման հասնելու իրենց մտադրութիւններուն մէջ: Կողմերը պէտք է շարունակեն արդէն 2014-ին Սոչիի, Կալեսի եւ Փարիզի վեհաժողովին սկսած քննարկումները համապարփակ լուծման բաղադրիչներուն շուրջ, եւ պէտք է 2016-ին աշխուժացնեն երկխօսութիւնը այն առաջարկներուն հիման վրայ, որ ներկայիս դրուած են քննարկման», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ այս տարի շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ  բռնութիւններու զգալի աճը անկայուն դարձուցած է սթաթիւս քոն: Անոնք յատկապէս դատապարտած են ականանետերու եւ այլ ծանր զէնքերու օգտագործումը եւ ցաւակցութիւն յայտնած են անոնց պատճառած քաղաքացիական կորուստներուն համար. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, որեւէ բան չի կրնար արդարացնել խաղաղ քաղաքացիներու սպանութիւնը եւ վիրաւորումները: Մենք խստագոյնս կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն նուազեցնելու լարուածութիւնը եւ պաշտպանելու բնակիչները: Համանախագահները առաջարկած են ռիսքի նուազեցման միջոցառումներ, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի հետաքննական մեքանիզմներ, զորս կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք կիրարկելու»:

Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները ողջունած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հովանիին տակ կորսուած անձերու մասին տեղեկութիւններու փոխանակման գործին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը եւ խրախուսած են հետագայ համագործակցութիւնը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ:

Միացեալ յայտարարութեամբ կոչ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն ազատ արձակելու բոլոր գերիները, ինչ որ համահունչ է հոկտեմբեր 2010-ին` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն կողմէ որդեգրուած Աստրախանի հռչակագիրի ոգիին:

«Վերջին տարուան ընթացքին մենք ականատես եղանք ԵԱՀԿ-ի համանախագահներու եւ Մինսքի խմբակի ձեւաչափին դէմ ուղղուած յարձակումներու: Մենք կը շեշտենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը տագնապի կողմերուն համար ընդունելի միակ ձեւաչափն է, որ կը վայելէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի բոլոր անդամ երկիրներուն վստահութիւնը: Բանակցային հոլովոյթին մէջ եղած արգելքներուն մէջ համանախագահները մեղադրելու որեւէ փորձ միայն կը քողարկէ խաղաղութեան հասնելու հիմնական խոչընդոտը` բանակցուած լուծման հասնելու ոչ բաւարար քաղաքական կամքը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Լաւրով, Քերրի Եւ Մոկերինի Խօսած Են
Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Մասին

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պելկրատի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական 22-րդ խորհուրդի նիստին ժամանակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ տագնապներու լուծման, շեշտած է, որ անոնք պէտք է լուծուին բացառապէս ԵԱՀԿ-ի` իրարու հանդէպ յարգանքի, փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ սկզբունքներու հիման վրայ:

Լաւրով շեշտած է, որ թէ՛ ղարաբաղեան տագնապի, թէ՛ ալ այլ տագնապներու հարցով միակ լուծումը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով համաձայնութեան գալն է: «Մենք կը կարծենք, որ միայն այդ կերպով պէտք է լուծուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ մնացեալ տագնապները: Խաղաղ բանակցութիւնը եւ լուծումը միակ ուղին է նաեւ ուքրանական ճգնաժամի լուծման հարցին մէջ», ըսած է Լաւրով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի գնահատումով ալ, անհրաժեշտ են որոշիչ գործողութիւններ, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ սառած տագնապները լուծուին: «Մենք պէտք է որոշիչ քայլերու ձեռնարկենք եւ ճամբայ գտնենք լուծելու բոլոր տագնապները, ատիկա ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, ուքրանական ճգնաժամը, վրացական խնդիրը եւ այլն», ըսած է Քերրի:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի իր կարգին շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ: «Մտահոգ ենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ձեռնարկելու բոլոր միջոցառումները` խնդիրի խաղաղ լուծման համար: Մենք կը զօրակցինք աշխուժ համագործակցութեան եւ այս առումով Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի ջանքերուն եւ սկզբունքներուն», ըսած է Մոկերինի:

 

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ. Նախագահ Հոլլանտ Ընդունեց Հարիրին

Յաջորդը

Իտալիոյ Լ՛Աքուիլա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Հոլովոյթին
Հայկական

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթին

March 10, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան
Հայկական

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան

March 10, 2026
Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.