Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընդդիմութեան Ներկայացուցիչները Կը Խօսին Կեղծիքներու Մասին, Բայց Ես Յստակ Փաստեր Տեսած Չեմ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

November 27, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan_112615

Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններու օրինականութիւնը ապահովող մարմին չէ, անոր համար կան այլ կառոյցներ:

Այս մասին News.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ՀՅԴ-ն ընդդիմութեան հետ միասին չի պայքարիր  ընտրակեղծիքներու դէմ, որոնց մասին ահազանգ կը հնչեցնէ ընդդիմութիւնը:

«Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններու օրինականութիւնը ապահովող մարմին չէ: Անոր համար կան յատուկ ստեղծուած կառոյցներ` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ, այլ մարմիններ: Մենք յստակ ըսած ենք` մեզի համար որքան կարեւոր է, որ սահմանադրութիւնը ընդունուի, այնքան ալ կարեւոր է, որ հանրաքուէն անցնի առաւելագոյն չափով բնականոն: Չեմ ըսեր` իտէալական, այլ բնականոն: Ես համոզուած եմ, որ ցանկութեան պարագային կարելի է կազմակերպել բնականոն հանրաքուէ», ըսած է Վարդանեան:

Վարդանեան շեշտած է, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները նախընտրական կեղծիքներու, դպրոցներու մէջ ուսուցիչները եւ աշակերտներու ծնողները ցուցակագրելու մասին կը յայտարարեն առանց փաստերու:

«Ընդդիմութեան տարբեր ներկայացուցիչներ կը խօսին կեղծիքներու  մասին, բայց ես յստակ փաստեր չեմ լսած: Ընդդիմութիւնը կ՛ըսէ նաեւ, որ կը շրջին հանրապետութեան զանազան շրջաններու մէջ եւ ոչ մէկ «այո»  տեսած են: Այս վերջին շաբաթ-կիրակի օրերուն ընթացքին մեր խումբերը 25 հանդիպումներ ունեցած են մօտաւորապէս 40 հազար հոգիի հետ, որոնց մէջ թէ՛ «այո» եւ թէ՛ «ոչ» տեսած են: Տարօրինակ է, երբ կ՛ըսեն, թէ ոչ մէկ «այո» կայ», նշած է դաշնակցական պատգամաւորը:

Ըստ Վարդանեանի, սահմանադրութեան հարցը իրենց համար ընդդիմութիւն-իշխանութիւն պաշտօնագիծով չ՛անցնիր:

«Ասիկա փաստաթուղթ մըն է, որ ընդունելու պարագային բոլորս անխտիր պիտի ապրինք անոր կանոններով` ե՛ւ «այո», ե՛ւ «ոչ» ըսողները: Մեր միակ նպատակը այն է, որ հանրաքուէն անցնի կարելի եղածին չափ բնականոն»:

 

 

Նախորդը

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ճամբուն Կիսուն Կը Գտնուինք» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Յաջորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնը Սկսաւ

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի
Հայկական

5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.