Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օժանդակեն Հայաստանին Եւ Լեռնային Ղարաբաղին` Տարբեր Բնագաւառներու Մէջ

Նոյեմբեր 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Brinck_111815

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու տեղակալ Պրիժիթ Պրինքն ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին օգնութեան համակարգող Ալինա Ռոմապովսքին 18 նոյեմբերին տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը: Պրիժիթ Պրինք իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛աջակցի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային խաղաղ գործընթացին եւ սահմանային լարուածութիւնը մեղմելու ջանքերուն:

«Ես գիտեմ, որ վերջերս բռնութեան դրսեւորումներ կատարուած են, եւ համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` կոչ ուղղելով կողմերուն յարգել զինադադարը, նաեւ նշելով, որ ծանր զինատեսակի օգտագործումը անընդունելի է: Մենք սերտօրէն կ՛աշխատինք դեսպան Ուորլիքի հետ եւ նեցուկ կը կանգնինք Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն», յայտնած է ան: Պրիժիթ Պրինք վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը ի վերջոյ պիտի առաջնորդէ խաղաղութեան:

Ամերիկացի պաշտօնատարը լաւատես մօտեցումով խօսած է հայ ֊ ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին, ուր կան խորացման եւ ընդլայնման կարելիութիւններ: Անոր համաձայն` Հայաստան կատարած այցելութեան հիմնական նպատակն է մասնակցիլ տնտեսական հարցերով հայ – ամերիկեան կառավարական աշխատանքային խումբի նիստին, քննարկել տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ ներդրումներու ընդլայնման առիթները: «Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր նպատակներն են աջակցիլ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն, օգնել Հայաստանին` համարկուելու շրջանային տնտեսութեան մէջ, բարելաւել յարաբերութիւնները դրացիներուն հետ, դիմակայել արտաքին ճնշումները, ինչպէս նաեւ կառուցողական կապեր հաստատել Եւրոաթլանթեան հաստատութիւններուն հետ: Այսօր մենք բովանդակային քննարկումներ ունեցած ենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, քաղաքական ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Պիտի տեսակցինք նաեւ նախագահին հետ: Կը կարծեմ, թէ աշխատանքային խումբի նիստերը օգնած են, որ տնտեսական աջակցութեան մասին երկխօսութիւն ծաւալի առեւտուրի եւ ներդրումներու ամրապնդման ուղղութեամբ», դիտել տուած է Պրիժիթ Պրինք: Ան յոյս յայտնած է, որ հայաստանեան հանդիպումներուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի նկատմամբ ամերիկացի ներդրողներուն վստահութիւնը ամրապնդելու ձեւերը:

Ալինա Ռոմապովսքին, որ կը հսկէ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ 30 երկիրներու մէջ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աջակցութեան գործընթացին, յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղին:

«Վերջին տարիներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր ջրային ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ ականազերծման աշխատանքներու իրականացման: Մենք պիտի շարունակենք մեր օժանդակութիւնը այդ ուղղութեամբ` ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութիւնը», հաստատած է ան:

 

 

Նախորդը

Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Կառուցուած Թաքսիմ Հրապարակին Մէջ Դարձեալ Մարդկային Ոսկորներ Յայտնաբերուած Են

Յաջորդը

«Արդի Հայերէնի Հիմնախնդիրները» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողովի Բացում

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?