Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիուիքի մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը:
Երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը մրցեցաւ Անգլիոյ դէմ եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Լեւոն Արոնեան եւ Կարէն Գրիգորեան պարտուեցան, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան` յաղթեցին:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Հայաստանի հաւաքականը ապահովելով 5 կէտ, այժմ 3 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռուսիայէն:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին, անիկա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Անգլիոյ:
Լիլիթ Մկրտչեան եւ Լիլիթ Գալոյեան յաղթեցին, մինչ Էլինա Դանիէլեան եւ Մարիա Քուրսովա բաւականացան հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ տղոց նման աղջկանց հաւաքականը եւս իր տրամադրութեան տակ ունի 5 կէտ: