Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները Քազանէն (Ռուսիա) մեկնեցան Հիուսթըն (Միացեալ Նահանգներ):
Պատրաստուելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան` հայրենի զոյգ կազմերը Քազանի մէջ կատարեցին ուսումնամարզական կարեւոր հաւաք մը:
Աղջկանց մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Աննա Գովելեան (53 քկ), Իզապելլա Եայլեան (58 քկ), Նազիկ Աւդալեան (69 քկ), Սոնա Պօղոսեան (75 քկ) եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան (75 քկ եւ վեր):
Իսկ տղոց պարագային մրցումներուն կը մասնակցին Վանիկ Աւետիսեան (69 քկ), Տիգրան Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ), Ռուբէն Ալեքսանեան եւ Գոռ Մինասեան (105 քկ եւ վեր):
Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20-28 նոյեմբերին: