
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները:
Հունգարիա 30 տարուան սպասումէ մը ետք յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուանին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նորվեկիոյ:
Երթին եւս Հունգարիա յաղթանակ մը արձանագրած էր (1-0):
Միջազգային պաշտօնական կարեւոր մրցաշարքերուն գծով Հունգարիա վերջին անգամ իր մասնակցութիւնը բերած էր Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած 1986-ի Մոնտիալին:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուանը յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ:
 
			

