Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ հաստատած է Նոյեմբերեանի Կոթի գիւղի 73-ամեայ բնակիչ Լուսիկ Աբովեանի իրենց տարածքին մէջ յայտնուելուն եւ ձերբակալուելուն վերաբերող լուրը:
Պաշտօնական Պաքուն յղում կատարած է նաեւ նման պարագաներու միջազգային սկզբունքներով գործելու անհրաժեշտութեան եւ խոստացած է կարճ ատենէն կինը վերադարձնել:
Ոստիկանութեան Նոյեմբերեանի բաժանմունքը ահազանգ ստացած էր այն մասին, որ 8 նոյեմբերին` ժամը 12:00-ի շուրջ, Կոթիի գիւղի 73-ամեայ բնակչուհի Լուսիկ Աբովեանը տունէն ելած ու չէր վերադարձած: Տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ Ազրպէյճանին շատ մօտ գտնուող Կոթի գիւղի բնակիչը յայտնուած է ազրպէյճանական կողմը: