Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ երեկոյեան Սայֆիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ երկիրը կը գտնուի տնտեսական վտանգի դիմաց եւ պէտք է օրէնսդրական աշխատանք կատարել, «հետեւաբար այս հարցին լուծումը պիտի ըլլայ այն, որ 40 երեսփոխանի վրայ ճնշում բանեցուի, որպէսզի անոնք նախագահական ընտրութիւն կատարեն», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց, որ երեսփոխանները անմիջապէս ուղղուին խորհրդարան եւ սահմանադրութեան 74-րդ յօդուածին համաձայն հանրապետութեան նախագահը ընտրեն:
«Մեզի համար սահմանադրական հոլովոյթի ընթացագիծը յստակ է. ան կը սկսի նախագահական ընտրութեամբ, ապա կը հասնի կառավարութեան կազմութեան, հասնելով մինչեւ ընտրական օրէնք եւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ, որմէ ետք միայն կարելի է անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւն կատարել», շեշտեց Ժեմայէլ: