
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կէսօրին Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը մնայուն կերպով զօրակցած է անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստեր գումարելու գաղափարին` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են խորհրդարանին քննարկելիք ելեւմտական կարգ մը հարցերուն, որոնք երկրին համար կարեւոր են:
Ան շեշտեց, որ այսօրուան իրենց պայքարը օրէնսդրական նիստին ընթացքին երկու օրինագիծ` ընտրական եւ քաղաքացիութեան, նկատի ունենալու համար է:
Ժահժահ հետեւեալ կոչը ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին. «Դուն օրինականութեան հայրն ես` անոր արդի հասկացողութեամբ, եւ չեմ կարծեր, որ հայր մը կրնայ իր զաւակը լքել, իսկ զայն սպաննելը ամբողջութեամբ բացառուած է»:
Միւս կողմէ, իր խօսքը ուղղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին, Ժահժահ ըսաւ. «Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կարեւորագոյն կտակը կը նկատեմ այս արտայայտութիւնը. «Քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն համրանքը կասեցուցած ենք, որովհետեւ կը զօրակցինք հաւասարութեան, չափաւորականութեան, համագործակցութեան եւ օրինականութեան»: Դուն բոլորէն աւելի յանձնառու պէտք է ըլլաս հօրդ կտակին»: