Ձիւնի առաջին փաթիլները ծածկեցին Տըննիէի Արպային լեռը, որ ծովէն 2200 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի:
Տըննիէի մէջ ամբողջ գիշեր ձիւնած է` առաւօտեան պարզելով սպիտակ գեղեցկութիւն մը:
Մինչ օդերեւութաբանական գրասենեակները կը հաստատեն, որ յաջորդող օրերուն Լիբանանի մէջ ջերմաստիճանը զգալիօրէն պիտի նուազի, ներքին ապահովութեան ուժերը կը յայտնեն, որ Այնաթա-Արզ ձիւնածածկ ճամբէն կարելի է անցնիլ ամենագնաց ինքնաշարժներով, պայմանաւ որ անոնց անիւները շղթաներ կրեն: