ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ այս օրերուս պատահած բոլոր զարգացումները վախ կը պատճառեն` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն լուծման բանալին է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց օրէնսդրական նիստ մը գումարելու: Ան շեշտեց, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է համագործակցիլ` ի խնդիր լիբանանեան միասնականութեան եւ համակեցութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը Քուրայի մէջ ձերբակալած են Ռեմոն Հաշուտը, որուն շուրջ իսրայէլեան գործակալ ըլլալու կասկածներ գոյութիւն ունին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սայտայի մէջ գործող իսրայէլեան լրտեսական բջիջին պատասխանատու լիբանանցի Հանի Մ. կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հակակշիռին տակ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Արքուպի, Մերժահիունի, Արեւմտեան Պեքաայի եւ Իքլիմ Թուֆահի վերեւ` խախտելով լիբանանեան գերիշխանութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խորհրդարանէն պահանջեց թեքնիք քայլերու դիմել` ելեւմտական օրինագիծերը վաւերացնելու նպատակով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ տիրող տարակարծութիւններն ու տագնապները քաղաքական են եւ ոչ թէ յարանուանական:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինէն խնդրած է դիւրացնել Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մասնակցի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ լիբանանեան բանակը տակաւին ՏԱՀԵՇ-ի համար թիրախ է: Նոյն աղբիւրները կը նախատեսեն, որ մօտիկ ապագային բանակին դէմ պայթումներ ու անձնասպանական գործողութիւններ կատարուին, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է, եւ Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը աւելի պիտի չվատթարանայ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ոմանք կը փափաքին աղբի տագնապին շարունակութիւնը` աւելցնելով, որ աղբը Լիբանանէն դուրս հանելու ծրագիրը լրջօրէն կը քննարկուի:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի կոչ ուղղեց աղբի տագնապին լուծումը վստահելու քաղաքապետարաններուն` աւելցնելով, որ Պէյրութի աղբերուն հարցը կարելի է վստահիլ նահանգներուն:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումը բանակին, երկրին սահմաններուն եւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի դէմ սպառնալիք է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն տապալելու համար հաւատադրժողական ծրագիրը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` օրէնսդրական նիստին մասնակցելու առումով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կ՛ուշացնէ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, որովհետեւ ան հանրապետութեան նախագահի աստիճանով պաշտօնեայ մը կը փնտռէ: Ան նշեց, որ Սուրիոյ դէմ արեւմտեան, սէուտական եւ իսրայէլեան բռնարարքները պարտուած դուրս պիտի գան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իմացած է, թէ 20 քրիստոնեայ երեսփոխաններ ներկայ պիտի գտնուին օրէնսդրական նիստին:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստը պէտք է գումարել` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը սպասէ քուլիսներու ետին կատարուող խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը ձախողած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ շինիչ քաոսը ինքզինք կը պարտադրէ:
ԱՂԲԻ տագնապին լուծման առումով, Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ Աքքարի դէմ որեւէ անիրաւութիւն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ կայ ուղղահայեաց երկփեղկում մը, որմէ անմասն չի մնար ընտրական օրինագիծը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցելու խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի շեշտեց օրէնսդրական նիստին մասնակցելու կարեւորութիւնը` երկրին գերագոյն շահերը ապահովելու առումով:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Օպէյտ շեշտեց, որ բանակը Մուսթաքպալ հոսանքին կարիքը ունի` Արսալի մէջ ապահովութիւն պարտադրելու համար:


