Երէկ` կիրակի, 8 նոյեմբերին, 13-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` 48 երկիրներէ եկած երկսեռ մարզիկներով:
Մարզիկներուն ընդհանուր թիւն էր 37.811: Մարաթոնին ընթացքին հաստատուեցաւ նաեւ նոր մրցանիշ մը:
Քենիացի Ճեքսըն Լիմօ
Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Մասնակցութեամբ 37.811 երկսեռ վազողներու, երէկ` կիրակի, 8 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Պէյրութի 13-րդ միջազգային մարաթոնը` Պէյրութի փողոցներուն մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական եւ օտար 48 երկիրներ:
Տղոց վազքի գլխաւոր մրցումին (42.195 քմ), քենիացի Ճեքսըն Լիմօ նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 2 ժամ 11′ 09″ արդիւնք մը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր եթովպիացի Թարիքօ Ժոֆարի, որ 2011-ին արձանագրած էր 2 ժեմ 11′ 17″ արդիւնք մը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց գլխաւոր վազքին, մարոքցի Քալսում Պուասրիէ հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 2 ժամ 36′ 05″ արդիւնք մը:
Նախորդ մարաթոններուն նման, այս անգամ եւս ներկայ էր Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը: Ան վազեց գլխաւոր մարաթոնին (42.195 քմ):
Արձանագրելով 4 ժամ 35′ արդիւնք մը, Լեւոն Թաշճեան իր տարիքային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ 4-րդ:
Նշենք, որ Լեւոն Թաշճեան կը վազէր խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Այնճարի 75-ամեակին առիթով: