Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Ճնշումը Իսրայէլի Վրայ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Համար, Պէտք Է Արժանանայ Հայերու Հակազդեցութեան

Նոյեմբեր 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի
խմբագիր

Քանի որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն դարձած են աւելի լարուած` ռազմավարական դաշինքէն անցնելով բացայայտ թշնամութեան, ապա շատ մը վերլուծաբաններ սկսած են զարմանալ Իսրայէլի կառավարութեան ոչ բնորոշ զուսպ արձագանգին վրայ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հակասեմական ելոյթներուն եւ հակաիսրայէլեան գործողութիւններուն:

Այս պայմաններուն մէջ հայերը եւ անոնց կողմնակիցները զարմացած են վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի շարունակական մեղսակցութենէն` թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման եւ Քնեսեթի մէջ (խորհրդարան) անոր ճանաչման արգելակման գործին:

Միջին Արեւելքի որոշ փորձագէտներ երկու բացատրութիւն ունին Իսրայէլի տարօրինակ դիրքորոշման վերաբերեալ.

1) Հակառակ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ առերեւոյթ ատելութեան` երկու երկիրները կը շարունակեն իրենց հետախուզական տուեալներու գաղտնի փոխանակումը եւ զէնքի առեւտուրը:

2) Ազրպէյճան` Թուրքիոյ կրտսեր եղբայրը, թշնամական դեր ստանձնած է` ճնշելով Իսրայէլի վրայ, Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանաչելու համար, որպէս լծակ օգտագործելով իսրայէլեան արդիական զէնքերու միլիառաւոր տոլարներու գնումը` Իսրայէլին ապահովելով խիստ անհրաժեշտ նաւթամթերքներով եւ տրամադրելով Ազրպէյճանի մէջ ռազմակայան` Իրան ներթափանցելու եւ լրտեսելու համար, որուն հետ ան ունի 700 քմ սահման:

Իսրայէլի կառավարութիւնը Ազրպէյճանի թելադրանքներուն նկատմամբ այնքան գերզգայուն դարձած է, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Երուսաղէմ կատարած այցելութեան ժամանակ, հակառակ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի դժկամութեան, պարոն Նալբանդեան կրցաւ հանդիպիլ Իսրայէլի նախագահին հետ:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» թերթի նոյեմբեր 1-ի թիւին մէջ յօդուած մը լիովին ցոյց կու տայ Իսրայէլի` Ազրպէյճանին հաճոյանալու աստիճանը: Այն ժամանակ, երբ արեւմտեան խումբերուն մեծ մասը, ներառեալ` Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ), հրաժարեցաւ դիտորդ ուղարկել Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պաքուի կիրարկած սահմանափակումներուն պատճառով, Իսրայէլի Քնեսեթի չորս անդամներ շտապեցին Ազրպէյճան` ցոյց տալու իրենց աջակցութիւնը Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգին… Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ Իսրայէլ-Ազրպէյճան խորհրդարանական խումբի նախագահ Աւիկտոր Լիպերմանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան Մայքըլ Օրենը, Սոֆա Լանտվըրը եւ Եոէլ Ռազպոզովը:

«Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը կը հաղորդէ, որ Լիպըրման, որպէս արտաքին գործոց նախարար, «աշխատած է ամրապնդել Իսրայէլի կապերը Ազրպէյճանի հետ», եւ մէջբերած է Պաքուի մէջ ըսած անոր խօսքերը, որ ան` «Իսրայէլի համար կարեւոր երկիր է եւ լաւ բարեկամ… նոյնիսկ` Խորհրդային Միութեան ժամանակ, [Ազրպէյճանը» յայտնի էր հրէական համայնքի նկատմամբ իր լաւ վերաբերմունքով, եւ այնտեղ հակասեմականութիւն չկայ: Մենք պէտք է շարունակենք ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ»: «Ազերնիւզ» գործակալութիւնը եւս մէջբերած է Ընտրական լրատուական կեդրոնին յայտնած անոր խօսքերը, որ` «Ազրպէյճան կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան, կայունութեան եւ յաջող արտաքին քաղաքականութեան օրինակ»: Նման անհեթեթ եւ կեղծ յայտարարութիւնները անընդունելի են իրազեկ մարդոց մեծ մասին կողմէ:

Հետաքրքրական  է, թէ ինչո՛ւ արտաքին գործոց նախկին  նախարարը այդքան շահագրգռուած է արդարացնելու Ազրպէյճանի անցեալի եւ ներկայիս հակասեմականութիւնը: Պաքուէն Քնեսեթի չորս անդամներու վերադարձէն ետք անոնց պէտք է խնդրել բացայայտել այն շռայլ նուէրները, որոնք անոնք հաւանաբար ստացած են որպէս երախտիքի նշան Ազրպէյճանի անարդար ընտրութիւնները կուրօրէն վաւերական ճանչնալու համար: Զարմանալի չէ, որ Ալիեւ պահպանեց իր վերահսկողութիւնը իշխանութեան վրայ` շարունակելով անոր տիրող կուսակցութեան մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ, մինչ հիմնական ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց  նախորդ կիրակիի ընտրութիւնները:

«Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը հաղորդեց, որ` «Ազրպէյճան կը համարուի ամենամտերիմ մահմետական երկիրը Իսրայէլի համար, եւ երկու երկիրները ունին սերտ կապեր ու նշանակալից առեւտուր: Ազրպէյճանը Իսրայէլի քարիւղի ամենամեծ մատակարարն է, եւ ապրանքաշրջանառութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ հասած է 5 միլիառ տոլարի, աւելի քան` Ֆրանսայի հետ: Վերջին տարիներուն Լիպըրման, այն ժամանակուան նախագահ Շիմոն Փերես եւ պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն այցելած են Պաքու»:

Ձեռնամուխ ըլլալով քարիւղ` զէնքի դիմաց քաղաքականութեան, Իսրայէլի պաշտօնեաներուն շատ յարմար է անտեսել Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները, խօսքի ազատութեան բացակայութիւնը եւ լրագրողներու ու հասարակական գործիչներու, որոնց շարքին` Պաքուի Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկի ղեկավար Լէյլա Եունուսի եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հետաքննող- լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի ազատազրկումը:

Թէեւ որոշ չափով հասկնալի է, որ Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, անկախ անկէ, թէ որքան դատապարտելի են միջոցները, սակայն Հայաստան եւս պէտք է հետամուտ ըլլայ իր ազգային շահերուն եւ հակազդէ որեւէ երկրի գործողութիւններուն, որոնք կը սպառնան անոր անվտանգութեան եւ հարցականի տակ կը դնեն Ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է յստակօրէն հասկցնէ Իսրայէլի պաշտօնեաներուն, որ Ազրպէյճանին բազմամիլիառ տոլարներու ժամանակակից զէնք վաճառելով` անոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն հազարաւոր հայերու կեանքը վտանգելու համար: Ազրպէյճանցի պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն կը յայտարարեն, որ Իսրայէլէն ձեռք բերուած զէնքով իրենք նպատակ ունին յարձակելու Արցախի եւ Հայաստանի վրայ:

Վերջապէս, Հայաստան պէտք է զգուշացնէ Ազրպէյճանը, որ Հայոց ցեղասպանութեան անոր անտեղի ժխտումները եւ այլ երկիրներու, ինչպէս, օրինակ, Իսրայէլի վրայ ճնշումները` իր ժխտողական գործերուն միանալու համար, աւելի կը թշնամացնեն հայերը` անհնար դարձնելով որեւէ զիջումի  երթալու արցախեան հակամարտութեան հարցով:

Թարգմանութիւնը կատարեց
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Նախորդը

Տեսակէտ. Քննադատութեան Ընդունակ Ըլլալու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?