Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Քննադատութեան Ընդունակ Ըլլալու Կարեւորութիւնը

Նոյեմբեր 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս մեծ պետութիւնները կամ, աւելի ճիշդը, ժողովրդավար կարգերը իրենց իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ճակատներով երկրի բարօրութեան եւ բարգաւաճման կը նպաստեն:

Մասնաւորապէս քննադատութիւնները շինիչ եւ կառուցողական նպատակներով եթէ ըլլան, շատ լաւ կ՛ընդունին: Նոյնիսկ երբեմն իշխանութեան վրայ գտնուող կողմը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քննադատողներուն:

Երրորդ աշխարհի մէջ կամ, աւելի ճիշդը, ոչ զարգացած կամ ոչ ժողովրդավար կարգերու մէջ քննադատողները միշտ կը չէզոքացուին, կը մեկուսացուին նոյնիսկ ֆիզիքական կամ այլ ճնշումներու կ՛ենթարկուին: Քննադատութիւն ընդունելու ընդունակութիւն ունենալը շատ կարեւոր է զարգացման եւ բարգաւաճման համար: Քննադատութիւնը հասկնալու, լսելու եւ սխալները սրբագրելու ճիգը հոգիի եւ մտքի մեծութիւն է:

Քննադատութիւն ընող խմբագիրը, քաղաքական գործիչը կամ որեւէ այլ անձնաւորութիւն մը ժողովրդավար երկիրներու մէջ յարգուած է եւ վարկ կը վայելէ, մինչ ոչ ժողովրդավար կարգերու մէջ վարկաբեկուած, պիտակաւորուած «հակաայսինչ» կամ «այնինչ» լոզունգներով իր էութենէն պարպած վիճակ մը կը ստեղծեն:

Քննադատողները չէզոքացնելով եւ խնկարկողները կամ, աւելի ճիշդը, վստահելիներով աշխատելու ոճը աւելի շուտ կը մաշեցնէ իշխանութիւնները: Ուրիշ խօսքով, եթէ խնկարկողներով շրջապատուած են, եւ ոչ ոք կը համարձակի օրուան այս կամ այն իշխանութիւնը քննադատելէ, անպայման որ սխալներով կը լեցուի գործունէութիւնդ եւ ոչ զգուշաւոր կ՛ըլլաս, ո՛չ սխալներդ կը գիտնաս եւ ո՛չ ալ շարունակականութիւն կ՛ապահովես: Քննադատութիւնը ընդունիլը մեծութիւն է, հոգիի վսեմութիւն, մտքի պայծառութիւն: Առհասարակ վստահելիներով գործելու ոճը օրէ օր աւելի թափ կ՛առնէ, որուն զուգահեռ, ականատես կ՛ըլլանք մաշումի եւ ճահճացումի իրավիճակին զարգացման:

Առ այդ, քննադատութեան ընդունակ ըլլալու ճիգը անպակաս պէտք է ըլլայ իշխանաւորներուն մօտ:

 

Նախորդը

Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին Կը Հիւրընկալէ «Միշել Շիհա. Քաղաքագէտը» Կլոր Սեղանը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Ճնշումը Իսրայէլի Վրայ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Համար, Պէտք Է Արժանանայ Հայերու Հակազդեցութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?