«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով 9 նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան պիտի մեկնի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ Երեւանի մէջ նախարար Լաւրով հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այցելութեան ծիրին մէջ պիտի կայանան նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն բանակցութիւնները, որոնցմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մամլոյ միացեալ ասուլիս: