
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ խօսք մը արտասանեց Պաղեստինի փրկութեան Դիմադրութեան կրօնաւորներու համաշխարհային համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին:
Սէյիտ Նասրալլա զօրակցութիւն յայտնեց Պաղեստինի եւ պաղեստինեան ինթիֆատային, որ սիոնական գոյացութիւնը անակնկալի մատնած է եւ անոր վախ ու սարսափ ազդած, ինչպէս նաեւ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է Իսրայէլի տնտեսութեան վրայ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Մեծն Իսրայէլի ծրագիրը ձախողած է` աւելցնելով սակայն, որ պաղեստինեան հողերը բռնագրաւած Իսրայէլը տակաւին գոյութիւն ունի եւ կը սպառնայ շրջանին ժողովուրդներուն եւ պաղեստինցիներուն գոյութեան:
Ան շեշտեց, որ պաղեստինեան ինթիֆատային վրայ պէտք է վստահութիւն ունենալ եւ հաւատալ, որ անիկա կարողութիւն ունի Աքսայի մզկիթը եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ գտնուող սրբութիւնները պաշտպանելու:
«Պաղեստինեան ինթիֆատան կրնայ պարտադրել, որ իսրայէլեան ուժերը Աքսայի մզկիթէն հեռանան», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա նաեւ նշեց, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն 5 միլիառ տոլար պահանջած է ինքզինք զինելու համար, իսկ այս պահանջը եկած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստորագրուած համաձայնութենէն ետք:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը աւելցուց, որ պէտք է մնայուն կերպով պայքարիլ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներուն դէմ:


