Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Հայաստանի Հետ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Լաւատեսութեան Հիմք Չկայ»

Նոյեմբեր 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Giro_110415

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` խօսելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, դիտել տուած է, թէ արդիւնքները անակնկալ էին այն առումով, որ իշխող կուսակցութիւնը այսքան մեծ առաւելութեամբ ընտրուեցաւ:

«Յունիսին` առաջին ահաբեկչութենէն առաջ, քրտական շրջանակները կը նախատեսէին, որ Էրտողանը պիտի դիմէ այս քայլին, այսինքն` երկրին մէջ ստեղծել անապահովութիւն, ապակայունացման նախանշաններ ցոյց տալ, եւ հասարակութիւնը մղել իշխող կուսակցութեան ընտրութեան: Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ  մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները այնքան մեծ չափերու հասած են, որ ընտրութիւնները քննադատուած են եւրոպացի դէտերուն կողմէ, եւ այն զարգացումները, որոնք կ՛ակնկալուէին, հաւանականութիւն կայ, որ ստեղծեն նոր խնդիրներ շրջանին համար», յայտնած է ան:

Ըստ Մանոյեանի, ներկայիս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թիւ մէկ հարցը սահմանադրութիւնը փոխելն ու կառավարման նախագահական դրութիւնը հաստատելն է: «Գրեթէ սանձազերծ լիազօրութիւններով նախագահական համակարգի մասին է խօսքը: Բացի ատկէ, կը յաջողի՞ ատիկա, թէ՞ ոչ, բայց այդպիսի արարքներ պիտի ըլլան: Էրտողանը պիտի ըլլայ գլխաւոր դերակատարը: Անոր քաղաքական վարքագիծը պարզ է` ոչ թէ համախոհութիւն, այլ բեւեռացում: Եթէ ատիկա կը կատարուի ներքին ճակատին վրայ, ապա կը կատարուի նաեւ արտաքին ճակատին վրայ: Թուրքիոյ համար նման վարքագիծ մը կրնայ վտանգաւոր ըլլայ ամբողջ շրջանին համար», ըսած է ան` աւելցնելով, որ դժուար թէ Թուրքիան կրնայ իր արտաքին հարցերը լուծել:

«Նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու լաւատեսութեան հիմք չկայ», դիտել տուած է Կիրօ Մանոյեան: Անոր համաձայն, յառաջիկայ չորս տարիներուն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ դրական որեւէ յառաջընթաց պիտի չըլլայ: «Թուրքիան ցանկութեան պարագային կրնայ այդ հարցը լուծել, բայց չունի այդ ցանկութիւնը», ընդգծած է Մանոյեան:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն` Մանոյեան նշած է, որ եւրոպական կառոյցները նոյնիսկ մերժեցին դէտ ուղարկել այդ ընտրութիւններուն: «Կարգ մը արեւմտեան քաղաքական գործիչներ գացին, բայց պարզ է` որքա՛ն ձկնկիթ կերան անոնք», նշած է ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը լուսարձակի տակ առած է նաեւ Ռուսիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը: «Չեմ կարծեր, որ Ռուսիոյ պահուածքը սկզբունքային էր, ատիկա մարտավարական եւ սիրաշահելու քայլ էր աւելի շատ: Ռուսիան միշտ ալ պիտի փորձէ սիրաշահիլ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, բայց պէտք չէ այստեղ տեսնել ռազմավարական փոփոխութիւն: Պէտք չէ այս քայլերուն մէջ վտանգ տեսնել: Բայց եթէ երկար շարունակուի այս մարտավարութիւնը, ատիկա արդէն կրնայ  մտահոգիչ դառնալ», ըսած է ան:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Յանձնախումբին Մէջ Հակահայկական Զեկուցում Ընդունուած Է

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Կրեց Տարեշրջանի Իր Չորրորդ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?