Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Հայկազեան» Համալսարանի Գործունէութիւնը Հպարտութեան Զգացում Կը Պարգեւէ Իւրաքանչիւր Հայու»

November 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Haydostian_110415

4 նոյեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Հանրապետութեան նախագահը հաստատած է, որ «Հայկազեան» համալսարանի աւելի քան կէս դարու հայրենանպաստ ու հայապահպան գործունէութիւնը հպարտութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւր հայու:

Հանդիպման սկիզբը նախագահը նախ շնորհաւորած է սփիւռքի նշանաւոր կրթօճախներէն մէկը հանդիսացող, Լիբանանի մէջ պետական ճանաչման արժանացած միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը` «Հայկազեան» համալսարանը, իր 60-ամեակին առիթով` նշելով, որ` «Հայկազեան» համալսարանի աւելի քան կէսդարեայ հայրենանպաստ ու հայապահպան գործունէութիւնը հպարտութեան զգացում կը պարգեւէ իւրաքանչիւր հայու»:

Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է վեր. Փոլ Հայտոսթեանին անձնական ներդրումը համալսարանին եւ սփիւռքահայ տարբեր կրթօճախներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու զարգացման իմաստով, ինչ որ, ըստ նախագահին, կը նպաստէ ո՛չ միայն տուեալ կրթական հաստատութիւններուն, այլ նաեւ միջհամայնքային կապերու սերտացման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ վերջին տարիներուն  աշխուժացած է «Հայկազեան» համալսարանին համագործակցութիւնը յատկապէս Երեւանի պետական համալսարանին հետ, սակայն Հայաստանի այլ կրթօճախներու եւ գիտական հաստատութիւններու հետ եւս փոխադարձ գործակցութիւնը, նախագահին համաձայն, պատկառելի ներուժ ունի, եւ պէտք է զայն լիարժէքօրէն օգտագործել:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած են ուսանողներու փոխանակման եւ փոխադարձ այցելութիւններու ծրագիրներու իրականացումը, որ սփիւռքահայ ուսանողներուն կարելիութիւն պիտի տայ Երեւանի պետական համալսարանին եւ հայաստանեան այլ գիտակրթական հաստատութիւններուն մէջ մասնագիտանալու հայագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան, ինչպէս նաեւ արաբագիտութեան մարզերուն մէջ, իսկ Հայաստանի ուսանողներուն` սփիւռքը անմիջականօրէն ճանչնալու եւ ընտրած մարզին մէջ մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերելու:

Զրուցակիցները ջերմութեամբ յիշած են 2012-ին Հայաստանի նախագահին Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը «Հայկազեան» համալսարան:

Հանրապետութեան նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ մնայուն կերպով պատրաստ են օժանդակելու «Հայկազեան» համալսարանին, երբ կառոյցը անոր անհրաժեշտութիւնը ունենայ:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին` ջերմ հիւրընկալութեան, համալսարանին նկատմամբ հոգատար վերաբերումին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման առնչութեամբ որդեգրուած պետական քաղաքականութեան համար:

 

 

Նախորդը

Հարաւային Սուտանի Մէջ Ջախջախուած Է Օդանաւ Մը, Որուն Օդաչուները Հայաստանի Քաղաքացիներ Էին

Յաջորդը

Նախարար Միրզոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.