Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Մամուլէն` Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսութեան Մասին

November 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

haygagan-Jamanag1

– «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը կը գրէ.«Այս տարուան սեպտեմբերին արտերկրէն Հայաստան ուղարկուած գումարներու անձնական ոչ առեւտրական փոխանցումներու ծաւալը (զուտ ներհոսքը) կազմած է ընդամէնը 78,7 միլիոն տոլար, ինչ որ անցեալ տարուան սեպտեմբերի ցուցանիշէն նուազ է շուրջ 1,8 անգամ: Ասիկա գումարներու անձնական փոխանցումներու` վերջին առնուազն 8-9 տարիներու փոքրագոյն ծաւալն է, որ կ՛արձանագրուի սեպտեմբերին: Նոյնիսկ ճգնաժամային նկատուող 2008-2009 տարիներուն անձնական փոխանցումներու այսպիսի ցած մակարդակ սեպտեմբերին չէ արձանագրուած (փոխանցումները ունին խիստ եղանակային բնոյթ):

«Այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն անձնական փոխանցումները անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ նուազած են 407 միլիոն տոլարով կամ 38 առ հարիւրով: Անձնական փոխանցումներուն նուազումը Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական ներկայ ծանր իրավիճակին հիմնական պատճառն է: Խնդիրը այն է, որ մեր տնտեսութիւնը եւ բնակչութեան գնողունակ պահանջարկի մակարդակը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած են նոյնինքն անձնական փոխանցումներու ծաւալով, որ գրեթէ Հայաստանի Հանրապետութեան պիւտճէին չափ է: Անձնական փոխանցումները Հայաստան կու գան հիմնականին մէջ Ռուսիայէն: Աղբիւրը արտասահման աշխատանքի մեկնած մեր հայրենակիցներն են»:

– «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» օրաթերթը կը գրէ.«Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, այս տարուան 9 ամիսներուն բեռնափոխադրումներու ծաւալը կազմած է 7 միլիոն 536,9 հազար թոն: Ինքնաշարժային բեռնափոխադրումներու ծաւալները 12,1 առ հարիւրով աւելցած են, երկաթուղային բեռնափոխադրումները` նուազած 19,2 առ հարիւրով, օդայինը` 19,8 առ հարիւրով: Ուշագրաւ է, որ մայրուղային-խողովակաշարային բեռնափոխադրումները նուազած են 1,4 առ հարիւրով: Տուեալ պարագային խօսքը կազի փոխադրման մասին է: Այսինքն` ըստ Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան, այս տարի, անցեալ տարուան համեմատ, նուազ կազ սպառած է»:

– «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը կը գրէ.«Այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ անշարժ գոյքի նկատմամբ գործարքներու կտրուկ անկում արձանագրուած է: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան անշարժ գոյքի արձանագրութեան վարչութեան հրապարակած տուեալներուն, այս տարի Հայաստանի մէջ արձանագրուած է բնակարաններու օտարման 8,4 հազար գործարք, երբ անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին այդ թիւը 10,3 հազար էր. նուազումը կը կազմէ 18 առ հարիւր»:

 

Նախորդը

Երկխօսութեան Ժ. Նիստը Պիտի Գումարուի 17 Նոյեմբերին

Յաջորդը

2016-ին Հայաստանի Արտաքին Պարտքը Պիտի Հասնի 50 Տոկոսի

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.