«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան անդրադարձած է սահմանային կացութեան եւ հաստատած, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ իրավիճակը վերահսկելի է, ինչպէս նաեւ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին սահմանին վրայ հակառակորդին աշխուժութիւնը նուազած է:
«Վերջին ժամանակաշրջանին խոշոր տրամաչափի զինատեսակներէ` յատկապէս ականանետերէ, կրակոցները շատ քիչ են», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ սահմանին վրայ յարաբերական հանդարտութիւն ըլլայ, թէ լարուածութիւն, հայկական զինուժը, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, պաշտպանութեան բանակի անձնակազմին հետ կը վերահսկէ կացութեան: «Մենք մեր ժողովուրդին կրնանք ըսել, որ իրավիճակը համեմատաբար հանդարտ է: Կը կարծեմ, որ ատիկա կարելի է կապել տարբեր գործօններու հետ, ինչպէս նաեւ մեր դրացի երկրի ներքին խնդիրներուն` ընտրութիւններուն հետ: Իսկ մեր զինուորական ուժն ալ պատրաստ է որեւէ զարգացումի», աւելցուցած է նախարարը:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ տարեվերջին կը սպասուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում, իսկ նման հանդիպումներէն առաջ ազրպէյճանական կողմը սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը հրահրէ` նախարարը դիտել տուած է. «Փորձը ցոյց տուած է, որ նման իրավիճակներու մէջ ոչ միշտ, բայց շատ դէպքերու պարագային լարուածութիւն տիրած է: Այս անգամ ալ համապատասխան գնահատում կ՛իրականացնենք: Առաջին գիծին վրայ կատարուող մարտական հերթապահութեան հիմնական հիմնախնդիրները ուղղուած են անոր, որպէսզի որեւէ պարագայի գնահատման արդիւնքով մենք պատշաճ որոշումներ տանք»:
Ան նաեւ հաստատած է, որ արդէն հասած է ժամանակը միջազգային հետաքննական պայմաններու ապահովման` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութիւնը խախտող կողմը որոշելու համար: Նախարար Օհանեանի համաձայն, պայման է թիրախաւորել եւ յստակ գնահատական տալ այն կողմին, որ կը խախտէ զինադադարը: «Եկած է ժամանակը, որպէսզի գնահատականները, հարցադրումները թիրախային ըլլան այն կողմին համար, որ կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը: Ես կը կարծեմ, որ եկած է ժամանակը միջազգային հետաքննական մեքանիզմ ներդնելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ պարզել, թէ ո՛ր կողմը կը խախտէ զինադադարը», յայտնած է նախարարը: Սէյրան Օհանեան աւելցուցած է, որ այս տարիներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքը մեծապէս նպաստած է յարաբերական խաղաղութեան պահպանման, որ տակաւին կը շարունակուի: