Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Քարոզարշաւը Պիտի Վարեն 5 Քարոզչական Խումբեր

November 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_110215

Երէկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի հանրաքուէին առնչուող քարոզարշաւ կատարելու կոչուած մարմիններու ղեկավարներուն հետ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ որոշուած է մարզերուն մէջ կազմակերպել 3-4 հանդիպումներ, որոնք պիտի սկսին յաջորդ շաբաթ եւ կիրակի օրերը:

Ըստ անոր, ընդհանուր առմամբ Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ շուրջ 100 ղեկավարման մարմիններ տարբեր մարզերու մէջ: Վարդանեան յայտնած է, որ 2 նոյեմբերին արդէն բացումը կը կատարուի քարոզարշաւի հիմնադրամին:

Քարոզարշաւը պիտի կատարեն կազմուած հինգ քարոզչական խումբերը, զորս պիտի ղեկավարեն Արմէն Ռուստամեան, Արծուիկ Մինասեան, Լեւոն Մկրտչեան, Արսէն Համբարձումեան եւ Աղուան Վարդանեան:

«Երկիր»-ը Աղուան Վարդանեանին հետ ունեցած է նաեւ անջատ զրոյց մը` նոյնականացման քարտերուն վերաբերեալ: Արդէն յայտնի է, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը նոյնականացման քարտերով քուէարկելու չորս տարբերակ առաջարկած է: Առաջինը տեղեկանքի առկայութիւնն է, որ կարելիութիւն կու տայ ընտրական յանձնախումբերուն մէջ փաստելու, որ նոյնականացման քարտով հանրաքուէին մասնակցող անձը նոյն անձն է, եւ այդ տեղեկանքին վրայ կը դրուի համապատասխան դրոշմակնիք: Երկրորդ տարբերակը կը վերաբերի 9-րդ ձեւին, որ կրնայ տրուիլ քուէարկողներուն: Երրորդ տարբերակը նոյնականացման քարտ ունեցողներուն տուեալներուն փոխանցումն է ընտրական յանձնախումբերուն եւ անոնց հրապարակումը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ յանձնախումբերուն պատշաճ վերահսկողութիւն իրականացնելու: Չորրորդ տարբերակով` ՀՅԴ-ն կ՛առաջարկէ մատները թանաքոտել:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ Դաշնակցութեան առաջարկներուն ընդունումը ո՞ր հանգրուանին հասած է` խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ իրենք իրենց առաջարկներով կ՛ուզեն ունենալ այնպիսի մեքանիզմ, որ պիտի վերացնէ խախտումներուն հաւանականութիւնը, առնուազն տեսականօրէն:

Աղուան Վարդանեանի համաձայն, շատ կարեւոր է նաեւ այն, որ մենք պիտի ունենանք անձը հաստատող միասնական փաստաթուղթ: «Չի կրնար այս խառնաշփոթը ըլլալ` չորս-հինգ տեսակի անձնագիրներու եւ այլնին վերաբերող: Մէկ միասնական փաստաթուղթ պէտք է ունենան բոլորը, բնականաբար, այս պայմաններուն մէջ թէկուզ նոյնականացման քարտը: Պետութիւնը պարտաւոր է քաղաքացիներուն ապահովել նոյնականացման քարտերով, եթէ նոյնիսկ ծախսերը շատ են:  Մենք պէտք է ընտրութիւններուն ժամանակ մէկ միասնական փաստաթուղթ ունենանք», ըսած է Վարդանեան:

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Հիմնադրամի Այս Տարուան Թելեթոնը Տուն Պիտի Նուիրէ 5 Եւ Աւելի Երեխայ Ունեցողներուն

Յաջորդը

Փայլան, Տողան Եւ Եսայեան Վերընտրուած Են Թուրքիոյ Խորհրդարանի Անդամ

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախցիների Հաւաքական Եւ Անվտանգ Վերադարձի Իրաւունքն Անսակարկելի Է»

September 21, 2026
Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները  Կարգաւորող Մարմիններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

September 21, 2026
Կալուզին. «Երեւան Կը Փորձէ Վնասել  Հայաստանի Մէջ Ռուսական Գործարարութեան»
Հայկական

Կալուզին. «Երեւան Կը Փորձէ Վնասել Հայաստանի Մէջ Ռուսական Գործարարութեան»

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.