ԲԻՒԶԱՆԴ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Պուրճ Համուտ, հին սերունդին համար ինքնութիւն պահող եւ գոյատեւելու միջոց դարձած հայահոծ շրջան, իսկ նոր սերունդին ներշնչման աղբիւր:
Այո՛, Պուրճ Համուտը, սփիւռքի սիրտը նկատուող այս քաղաքը, ծնունդ է ջարդերէն վերապրած գաղթական հայորդիներուն աշխատանքին: Պուրճ Համուտը եղած է հայկական ինքնութիւնը օտարութեան մէջ պահող փոքրիկ Հայաստան:
Ես ալ, իմ կարգիս, այս շրջանի բնակիչ ըլլալու բախտաւորութիւնը կը զգամ, անոր նեղ եւ համեստ թաղերուն մէջ հասակ առած են ղեկավարներ, հայագէտներ, գրագէտներ եւ բանաստեղծներ, ինչպէս նաեւ` հայութեան դիմագիծը պահելու համար իրենց կեանքը զոհաբերած քաջ երիտասարդներ:
ՀՄԸՄ-ական ընտանիքի զաւակ ըլլալուս բերումով, փոքր տարիքէս իբրեւ տարազաւոր սկաուտ անդամակցած եմ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի շարքերուն:
Մինչ օրս, կը յիշեմ 1995 թուականի հոկտեմբեր ամիսը, երբ առաջին անգամ մուտք գործեցի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բակ եւ հո՛ն էր, որ առաջին անգամ տեսայ տարբեր տարիքի երիտասարդներ, պատանիներ, ինչպէս նաեւ` մանուկներ: Անոնք հաւաքուած այս բակին մէջ, կ՛երգէին, կը խաղային, կը վազվզէին, կարծես կեանք տուած էին այս զուտ դպրոցական պատերուն եւ բակին:
Հետեւաբար սկաուտական կեանքս սկսայ գայլիկական շարքերէն: Սկզբնական շրջանին դժուար ընտելացայ մթնոլորտին, այն աստիճանի, որ կեանքիս առաջին եւ վերջին ապտակը, որ հօրմէս ստացած եմ, «գայլիկութեան» չերթալուս պատճառով էր, սակայն տարիները սահեցան եւ անցան ու կարծես սկաուտութիւնը անցաւ արիւնիս մէջ, եւ եղաւ անբաժան մէկ մասնիկը իմ կեանքիս:
1935-ին հիմնուած, սփիւռքահայութեան սրտին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը իր հիմնուած օրէն եղաւ յառաջատար, ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութիւն տուող, սերունդներ կերտող մասնաճիւղ: Տարիքի բերումով լաւապէս չեմ յիշեր Պուրճ Համուտի ամեակները, բացի 75-ամեակէն, սակայն այս մասնաճիւղին մէջ 20-ամեայ ներկայութեամբս կրնամ վկայել, թէ իմ կեանքիս ամէնէն գեղեցիկ օրերը կազմուեցան եւ յիշատակի անցան այս մասնաճիւղին մէջ: Երկրորդ ընտանիք կազմեցի, ունեցայ անբաժան ընկերներ, որոնք մինչ օրս կը մնան սրտիս ամէնէն մօտիկ: Անոնք բառացիօրէն իմ քոյրերն ու եղբայրներն են: Ունեցայ լաւ ու վատ օրեր, դժուար բայց հաճելի փորձառութիւններ, սակայն ահա քսան տարիներ ետք բոլորն ալ կը յիշեմ իբրեւ լաւ յիշատակներ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը դժուար է հասկնալ, առանց անոր շարքերուն անդամագրուելու: Հեռուէն դիտելով` անկարելի է ապրիլ ու զգալ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համն ու հոտը, վայելքը: Իսկ եթէ նոյնիսկ աշխարհի միւս ծայրը գտնուող Աւստրալիոյ մէջ «պուրճհամուտցի» ՀՄԸՄ-ականի մը հանդիպիս եւ հարցնես, թէ ան ո՛ր մասնաճիւղի անդամ եղած է, ան նորէն, հպարտութեամբ եւ յուզմունքով պիտի ըսէ` Պուրճ Համուտէն:
Այո՛, Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը պատկանելիութեան զգացում է, որ կը յառաջացնէ անդամին մօտ եւ օրերու ընթացքին հարազատ ընտանիքի մը մաս կազմելու հաճոյքը կը պարգեւէ: Բոլորս ալ լաւ գիտենք, թէ այս միութեան մէջ ծառայող ամէն մէկս կ՛անցնինք դժուար օրերէ, կ՛ունենանք յուսախաբութիւններ, կը հանդիպինք տարբեր տեսակի մարդոց, դժուարութիւններու, սակայն մեր մտքին մէջ միշտ ունենալով միութեան բարձրագոյն շահերը` կը շարունակենք ծառայել այս աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան:
ՀՄԸՄ-ական ըլլալը ընտրանք է եւ պատիւ, իսկ «պուրճհամուտցի» ըլլալը` բախտաւորութիւն:
Բախտաւորութիւն, այո՛, մասնաճիւղ մը, որ տարիներ շարունակ տուած է ամէն ինչ այս միութեան եւ յատկապէս` Լիբանանի ընտանիքին, ոչինչ ակնկալելով` մնացած է համեստ զինուորը այս միութեան շարքերուն:
Տուած է ֆութպոլիստներ, պասքեթպոլիստներ, աթլեթներ, ինչպէս նաեւ` խմբապետ ղեկավարներ, պատրաստած միութենականներ, որոնց գլխաւոր նպատակը միշտ ալ եղած է` «Միութիւնը ամէն բանէ առաջ»:
«Մասնաճիւղիս հետ, միութեանս համար» կարգախօսը ճշդուեցաւ 80-ամեակի տարեշրջանին համար, սակայն մէյ մը եթէ նորէն ետ երթանք, պիտի տեսնենք, թէ ութսուն տարիներ շարունակ անիկա եղած է այս մասնաճիւղին նշանաբանը: Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը թերեւս շրջանի ամէնէն փոքր կեդրոնատեղին ունի, սակայն ան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ մասնաճիւղերէն մէկն է: Պուրճհամուտցի ՀՄԸՄ-ականը միշտ ալ ստեղծած է միջոցներ` տալու ամէն ինչ, հաւասարապէս: Իբրեւ տարազաւոր, այս մասնաճիւղէն ներս, ութսունամեայ իր տարիքին, ես այս մասնաճիւղը կը նմանցնեմ մեծ հօր մը, որ կը գուրգուրայ իր զաւակներուն եւ թոռներուն, կը գուրգուրայ վնասակարին, կը գուրգուրայ եւ ձեռքերը լայն բացած, ճամբու կը դնէ սխալողը` առանց որեւէ ակնկալութեան:
Վա՛յ այն օրին, երբ դադրինք տալէ այն, ինչ որ կ՛ակնկալուի մեզմէ, եւ հպարտանանք միայն մեր անցեալով: Դժուարութիւններ կու գան ու կ՛երթան, անհատներ` նոյնպէս, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ. Պ.Հ. մասնաճիւղը կը գոյատեւէ: Ութսուններ եւս պիտի գան ու անցնին եւ կերտեն պատմութիւն, ինչպէս որ մենք այսօր կը յիշենք մեր նախնիները եւ կը հպարտանանք իրենց նուաճումներով:
Նահատակ «Վիգէն Զաքարեան» երիցական փաղանգ ունեցող այս մասնաճիւղը, չի կրնար պարզ սկաուտախումբ մը ըլլալ, անոր ուսերուն վրայ դրուած է սերունդներ հայօրէն դաստիարակելու պարտականութիւնը, եւ պատասխանատուութիւնը` օտարացած եւ թշուառ վիճակ ունեցող հայ ընտանիքներու տէր կանգնելու: Ութսուն տարիներու ծառայութիւն ունեցող մասնաճիւղէն տակաւին կ՛ակնկալուի լաւագոյնը` չափանիշները մնալով անփոփոխ եւ պատճառաբանութիւնները անընդունելի:
Վերջապէս, ամեակները կ՛անցնին եւ նորերը կը հասնին, սակայն նպատակը կը մնայ նոյնը` դաստիարակել, գոյատեւել եւ հասնիլ լաւագոյնին:
Փա՛ռք մասնաճիւղի հիմնադիրներու տարած աշխատանքին:
Փա՛ռք սերունդներ դաստիարակած այս մասնաճիւղին:
Փա՛ռք բոլոր անոնց, որոնք այս մասնաճիւղին ճամբով ՀՄԸՄ-ի անունը բարձր եւ յարգելի դիրքի հասցուցած են:
Նորանոր յաղթանակներ` մեր մարզիկներուն,
Լաւագոյն, միշտ պատրաստ եւ օգնող մեր սկաուտներուն,
Համբերութիւն` մեր պատասխանատուներուն,
Հպարտանք` մեր վեթերաններուն,
Յաջողութիւններ` «պուրճհամուտցիներուն»:
«Մասնաճիւղիս հետ, միութեանս համար»: