Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Աշխարհի Ճկոյթի Ետին Թաքնուելու Տիկնիկային Թատրո՞ն

Հոկտեմբեր 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

UN_10-02-15

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին ճառեր խօսուեցան եւ կը խօսուին: Ահաբեկչութեան եւ կրօնական ծայրայեղականութեան դէմ ճակատ յարդարուած է եւ միտում կայ հզօր միացեալ ուժերով պայքարելու: Այդ պայքարը կը բաղդատեն Հիթլերի դէմ հակադիր ուժերու համախոհութեամբ միացեալ ուժերով շղթայազերծուած պատերազմին:

Միացեալ ճակատը կ’ենթադրէ փոխադարձ վստահութիւն: Ուստի, նախ պէտք է հարց տալ աշխարհի մեծերուն եւ պզտիկներուն, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակից հանգամանաւորներուն, որ այդ փոխադարձ վստահութիւնը գոյութիւն ունի՞ թերթերու եւ հեռատեսիլի պատկերներէն անդին: Կամ` ե՞րբ պիտի դադրին քաղաքական գործը պատկերի եւ եթերի ալիքներուն վրայ վաճառելի ապրանք համարելէ:

Հաստատում Առաջին

Ցարդ ո՞վ օգնած է Իսլամական պետութեան հզօրացման` տրամադրելով զէնք եւ այլ դիւրութիւններ: Ի վերջոյ, անոնց զէնքերը մանանայի պէս երկինքէն չիջան:

Թուրքիոյ կարեւոր թերթերէն «Ճումհուրիյէթ» հրապարակեց թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ դէպի Իսլամական պետութիւն բեռնատարով փոխադրուող զէնք-զինամթերքի մեղսակցութեան հարցը:

Միջազգային մամուլը հազիւ թէ անդրադարձաւ:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները Իսլամական պետութեան դէմ պայքարելու յանձնառութիւնը ծխածածկոյթի վերածելով` պատերազմ յայտարարած են քրտական ազատագրական շարժման դէմ: Միջազգային լրատուամիջոցները կը խօսին, բայց քաղաքական վերաբերում չի ճշդուիր:

Ամերիկան, Անգլիան, Ֆրանսան եւ միւսները, որոնց հետախուզական միջոցները ենթադրութիւններու վրայ չեն հիմնուիր, չե՞ն հասկցած, որ Թուրքիա Իսլամական պետութեան դիրքերուն դէմ նոյնիսկ փամփուշտ չ’արձակեր, չէ արձակած, այլ օգտուելով կացութենէն` ընտրած է քրտական շարժումերու դիրքերը որպէս բնաջնջման թիրախ: Հարուածա՞ծ է Իսլամական պետութեան նոյնիսկ մէկ թիրախ: Յիշեալ պետութիւններու հետախուզական սպասարկութիւնները ինչո՞ւ չեն հրապարակեր այս իրականութիւնները:

Յիշեալ պետութիւնները ինչո՞ւ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի հարցը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բեմէն իրենց խօսած ճառերուն մէջ չեն յիշեր: «Ճումհուրիյէթ»-ի հարցը խօսքի ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց կը վերաբերի: Սկզբունքներ, որոնց համար շատ կը սիրեն խօսիլ, երբ իրաւ յանձնառութեան կարիք չկայ, կամ` երբ անոնք կը ծառայեն իրենց քաղաքական շահերուն:

Ընդհակառակն, փնտռուող միացեալ ճակատին մէջ կ’ուզեն տեսնել Թուրքիան: Ի՞նչ պիտի խոստանան, որպէսզի Թուրքիան իրենց կողքին գտնուի: Եւրոմիութեան անդամակցութի՞ւնը: Երբեմն պէտք է յիշել եւ յիշեցնել Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկանթաուի խօսքը` «Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է», bandit politique: Միշտ ըսած եմ, որ մեծերու դպրոցը իմաստութեան դուռն է: Բայց քաղաքականութեան մէջ իմաստութեան տեղ չկայ: Ինչպէ՞ս տեղ պիտի գտնէ իմաստութիւնը, երբ շահեր կան:

Հաստատում Երկրորդ

Ընդունուած ճշմարտութիւն-իմաստութիւն է, որ պատերազմի ջիղը դրամն է: Իսլամական պետութիւնը, որուն դէմ զանազան ձեւերով պայքարելու ճառեր կը խօսուին, ուրկէ՞ կը ստանայ իր ուժը: Կ’ըսուի, թէ Իսլամական պետութիւնը հաստատուած է նաւթահորերու շրջաններուն մէջ եւ արտահանուած նաւթը կը վաճառէ: Այդ արտահանուած նաւթը տեղւոյն վրայ չի սպառիր, այնքան շուկայ չունի տեղւոյն վրայ:

Ռուսիան, Ամերիկան, Ֆրանսան, Անգլիան, Գերմանիան եւ բոլոր անոնք, որոնք պայքարելու բարի կամեցողութիւն ունին, բանիւ եւ գործով, մի՞թէ չեն գիտեր, թէ ո՛ր ճանապարհներով կ’անցնի Իսլամական պետութեան արտահանած նաւթը, որո՞նք են այդ վաճառքին միջնորդները, որո՞նք են գնողները: Բոլոր անոնք, որոնք մարդկայնութիւն-արդարութիւն կարգախօսներով քաղաքականութիւն կ’առաջնորդեն, կը մաքրե՞ն իրենց դրան շեմը` յիշուած հարցումներուն պատասխանելով: Ինչո՞ւ պայքարիլ, զոհողութիւններ պահանջել, երբ սեփական ճամբարէն անցնող եւ հոն վաճառուող նաւթը կը հայթայթէ այն ուժը, որուն դէմ կ’ուզեն ճակատ յարդարել: Աւելի պարզ. ո՞ւր կը գտնուին Իսլամական պետութեան իրենց անունները չբացայայտող դաշնակիցները:

Միջազգային քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթութեան առջեւ դրուած հարցը, ճիշդ է, աշխարհագրական եւ ժամանակի անմիջականութիւն ունի, բայց նաեւ կը վերաբերի մարդկութեան անցած եւ գալիք ճանապարհին, բարոյական եւ մարդկայնական ձեռքբերումներուն: Հետեւաբար, ըմբռնումի ծանրակշիռ սխալ է այս հարցը դիտել-ծառայեցնել այս կամ այն երկրին մէջ առկայ մրցակցութիւններուն, նախագահական կամ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Այլ խօսքով, արտակարգ կացութեան մէջ, քաղաքական իրաւ ղեկավարը պիտի գիտնայ գերանցում կատարել եւ առաջնորդել, փոխանակ առիթը օգտագործելու սեփական պատկերը գեղեցկացնելու, մրցակիցը քննադատելու, դիրքեր նուաճելու եւ ամրացնելու:

Դիրքեր` նոյն երկրին մէջ: Դիրքեր` միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին:

Միջազգային այս տագնապի առիթով, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը չի՞ կրնար աւելի մեծ իմաստութիւն ցուցաբերել` կառչելով իր ՈՒԽՏԱԳԻՐ-ի հիմնարար սկզբունքին, ուր կ’ըսուի` «Մենք` աշխարհի ժողովուրդներս եւ ազգերս»… ոչ պետութիւններս եւ ոչ ալ` կայսրութիւններս: Ինչո՞ւ այդ ժողովէն բացակայ են քիւրտերը, որոնք այսօր Իսլամական պետութեան դէմ պայքարող գլխաւոր ուժն են, գետնի վրայ եւ ոչ օդի մէջ: Թերեւս յաւելեալ ճշմարտութիւն կը բերեն կացութիւնը ըմբռնելու եւ ասոր կամ անոր կողմէ ստեղծուած ծխածածկոյթը վերացնելու:

Տագնապը ընթացիկ նկարագիր չունի: Ուստի աւանդական լուծումները կը նմանին բութ դանակներու:

Հաստատում Երրորդ

Մարդասիրական, աշխատող ձեռքերու պահանջ լրացնելու եւ տեսական-տեսաբանական մարզանքներու խաղով քաղաքակրթական ծանրակշիռ տագնապը չտեսնել եւ ըստ այնմ չգործել` քաղաքական եւ բարոյական յանցանք է:

Գերմանիոյ ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերումը, նաեւ ընդհանրապէս` Եւրոմիութեան, ստեղծուած տագնապի պատճառով յառաջացած գաղթականական ալիքին դիմաց, որ բացատրուեցաւ իրեն համար անհրաժեշտ երիտասարդ աշխատող ուժով բաւարարուելու իր պահանջով, միջազգային տագնապի լուծում չէ:

Ընդհակառա՛կն, Իսլամական պետութեան ջաղացքին ջուր կը բերուի հաւանական ընդդիմութեան մը հեռացումով, ասպարէզը բաց ձգելով ահաբեկչութեան, ծայրայեղութեան եւ կրօնական խաւարամտութեան առջեւ: Մանաւանդ պէտք է գիտնալ, որ ստեղծուած եւ գործող շարժումը աշխարհագրական սահմանափակում չունի, չ’ուզեր ունենալ, անոր համաշխարհայնացման միտումը ճիշդ պէտք է հասկնալ եւ ըստ այնմ գործել:

Գործել` ոչ միայն մտածելով զէնքի ուժով յաղթանակի մասին, այլ մանաւանդ` գործել լուսաբանութեան, կրթութեան, կենսամակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ, որպէսզի մարդիկ տէր ըլլան իրենց ճակատագրին, պատմութեան, մշակոյթին եւ չենթարկուին ստրկացնող ուժերու:

Մարդկային իրաւանց յայտարարութիւն եւ բարոյական այլ սկզբունքներ շատ գեղեցիկ կրնան ըլլալ: Բայց երկու շրջանակներ յարաբերելու համար անհրաժեշտ է, որ գտնուին նոյն ալիքներու վրայ, ուզեն լսել եւ լսուիլ:

Դասական ոճով, ժամանակավրէպ քաղաքական ոճով եւ շահախնդրութիւններով չենք կրնար յառաջդիմել: Նոր ըմբռնումներ, նոր եւ չմաշած դէմքեր պէտք են, որոնք նոյնը եւ հակառակը ըսած եւ քարոզած չըլլան` իրենք իրենց բաւարարութիւն տալով դրամի հզօրութեամբ կամ պատկերի գինովութեամբ:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ինչո՞ւ պիտի չհրաւիրուին անիրաւուած ժողովուրդները եւ հալածանքի ենթակայ համայնքները:

Քիւրտերը ոչ ոքի իրաւունք տուած են զիրենք ներկայացնելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին:

Հարիւր հազարաւոր փախստականները եւ ապաստան փնտռողները ինչպէ՞ս պիտի լսուին:

Բայց այդ ժողովին ներկայ են Իսլամական պետութեան զէնք մատակարարողները եւ անոնց նաւթը գնելով` ահաբեկչութեան զօրավիգ կանգնողները:

Երկու Խօսք` Չեզրակացնելու Համար

Խարդախուած խաղաքարտերով քաղաքականութիւնը ո՞ւր կրնայ առաջնորդել:

ՄԱԿ-ի եօթանասուն ամեակն է եւ անոր տարեկան Ընդհանուր ժողովը կը շարունակուի:

Հանդիսատեսներուս կը մնայ դիտել, յուսալ եւ սպասել…

Երջանիկ են լրատուամիջոցները եւ հեռատեսիլային պատկերներու ծարաւ ունեցողները եւ վաճառականները, որոնց համար նպատակ դարձած է… օտիմաթ-ը:

29 Սեպտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան

 

 

 

Նախորդը

«Հաճելի Է Արժանանալ Վաստակաւոր Արուեստագէտի Կոչման». Փամպուքճեան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Կը Գտնուի Փափա Քիւնցլերի Նուիրուած Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?