Միջազգային շարք մը լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, հաղորդեցին, որ «Մաքլարըն»-ի անգլիացի վարորդ Ենսըն Պաթըն շատ հաւանաբար պիտի լքէ «Ֆորմիւլա-1»-ի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Պաթըն, որուն կինը ճափոնցի է, անգլիացի լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իրեն համար «Ֆորմիւլա-1»-ին մէջ մրցակցութեան հաճոյքը նուազած է եւ ինք իր ապագային գծով որոշում մը տուած է: