Յարգելի՛ հիւրեր, սիրելի՛ բարեկամներ եւ ընկերներ.
Քառասուն տարիներ անցած են. կարծես երէկ էր, եւ մենք այսօր կը յիշենք այդ թուականը շարք մը ձեռնարկներու ընդմէջէն, որոնք կը կրեն «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» ընդհանուր խորագիրը:
Հոս կ՛արժէ յետադարձ ակնարկով մը յիշել այդ թուականը, վերաքաղ ընել, սերտել, քննարկել, իսկական արժեւորում ընել այդ բոլոր դէպքերու շարքին` դրական եւ բացասական կողմերով: Այս մէկը ընել, ինչո՛ւ չէ, նաեւ դասեր քաղելու համար ապագայի հաշուոյն:
1.- Քաղաքացիական պատերազմ եւ եղբայրասպան կռիւ. Մերձաւոր Արեւելքի այս հայաշատ ու կազմակերպ գաղութը ինքզինք գտաւ պատերազմի մը մէջ, որ ամբողջ 15 տարի քանդեց ամէն ինչ, եւ զինք դրաւ ծանրագոյն փորձութեան դիմաց` Լիբանանէն ներս թէ դուրս, եւ այս գաղութը իր մշակութային եւ քաղաքական գոյապայքարին կողքին, ստիպուեցաւ նաեւ պաշտպանել իր ֆիզիքական գոյութիւնը:
2.- Մեր թաղերու ապահովութեան եւ ինքնապաշտպանութեան գործ անհրաժեշտ էր ամէն գնով պաշտպանել մեր թաղերը եւ արգիլել հայահոծ շրջաններէն ներս օտար ուժերու թափանցումը ու պահպանել մեր թաղերու հայեցի դիմագիծը. այս մէկը եղաւ գործին թերեւս ամէնէն դիւրին բաժինը, որովհետեւ բոլորը, կ՛ըսեմ` բոլորը, առանց տարիքի խտրութեան եւ մանաւանդ երիտասարդները կը ներկայանային մեր ակումբները` կատարելու համար պահակութեան պարտականութիւնը, պաշտպանելու թաղը, տունը, ակումբը, պաշտպանելու մեր պատիւն ու նամուսը:
3.- Դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն.
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով եւ քաղաքական ու ռազմական բեւեռացումին դիմաց, լիբանանահայ քաղաքական ղեկավարութիւնը շրջահայեաց եւ լուրջ մօտեցումով մերժեց ներքաշուիլ եղբայրասպան կռիւներու հիմնական դերակատարներուն որեւէ մէկ կողմի հաշիւներուն մէջ:
Այս անկախ կեցուածքը անշուշտ հաշտ աչքով չդիտուեցաւ տարբեր ուժերու կողմէ, որոնք տարբեր առիթներով սպառնացին հայահոծ թաղերու անդորրութեան եւ առհասարակ լիբանանահայութեան ֆիզիքական գոյութեան:
– Փոխարէնը, հայ ղեկավարութիւնը փորձեց կամրջողի դեր խաղալ հակամարտ կողմերուն միջեւ եւ օրինակ ծառայել քաղաքացիական կռուի միջոցով հարցեր լուծել ուզողներու կործանարար փորձութեան եւ ըսել, թէ ուրիշ միջոց ալ կայ լիբանանեան ընտանիքի զաւակներուն միջեւ ծագած հարցերը լուծելու համար, որն է` երկխօսութիւնը, փոխադարձ յարգանքը եւ զիրար մտիկ ընելու եւ զիրար հասկնալու ձեւը:
4.- Ժողովուրդին տիրութիւն ընելու գործ.
Հոս կար անհրաժեշտութիւնը այս ամբողջ գործը կազմակերպելու եւ ժողովուրդին տիրութիւն ընելու:
Հոս էր, որ դաշնակցական ղեկավարութիւնը կը ներկայանար ու կը նետուէր ասպարէզ` կազմակերպելու, ղեկավարելու, ապահովելու այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ էր ինքնապաշտպանութեան գործին համար:
Հոս էր, որ մեր ակումբները դարձան հրամանատարական կեդրոններ, իսկ բոլոր թաղերուն մէջ թաղային ակումբ-կեդրոններ ստեղծուեցան, ուր կային` մնայուն ներկայութիւն, պահակութեան գործ, արագ միջամտութեան դրութիւն, ժողովուրդի ծով կարիքներուն հասնելու արագ միջոց:
5.- Ժողովուրդի ծով կարիքներուն հասնելու հարց.
Պետութեան եւ պետականութեան բացակայութեան մեր ակումբները ստիպուած եղան ստանձնելու նաեւ այլ տեսակի պարտաւորութիւններ` թաղային-դատական, պետական գործեր, մաքրութեան, առողջապահական, հիւանդանոցային եւ այլն…
Հոս աւելի խարսխուեցաւ այն վստահութիւնը, որ մեր ժողովուրդը ունէր իր ղեկավարութեան հանդէպ եւ գործնական փորձառութեամբ եւ գործի օրինակով տեսաւ այն հսկայական աշխատանքը, որ կը կատարուէր մեր ակումբներուն միջոցով եւ կամ մեր ակումբներուն մէջ եւ կամ մեր յարակից միութիւններու ճամբով:
– Վերոյիշեալ հինգ կէտերուն մէջ մեզի ամէնէն աւելի կը շահագրգռեն հետեւեալ երեքը, որոնք առանձնաբար արժանի են քննարկումի եւ խորհրդածութեան`
1.- Ժողովրդային նեցուկը, որ ունէր Դաշնակցութիւնը,
2.- Երիտասարդութեան գործնական մասնակցութիւնը,
3.- Գործի կազմակերպումը ՀՅԴ-ի կողմէ:
– Եթէ չըլլային այս երեք կէտերու բաղադրիչ մասերը եւ այս բոլորին փոխադարձ ներգործութիւնը, մենք պիտի չհասնէինք մեր այս օրերու վիճակին եւ թերեւս նաեւ չկարողանայինք կազմակերպել այս ձեռնարկներու շարքը:
– Եթէ չըլլար ժողովրդային այդ անվերապահ զօրակցութիւնը, այդ անվերապահ հաւատքը եւ կոյր վստահութիւնը Դաշնակցութեան հանդէպ:
– Եթէ չըլլար այն երիտասարդական խանդավառութիւնը, կորովը, գործին հանդէպ հաւատքը եւ այն երիտասարդական բազուկը, որ եկաւ պաշտպանելու մեր թաղերը եւ պահելու հայահոծ թաղերու մեր ապահովութիւնն ու անդորրը եւ սանձելու ամէն տեսակի ոտնձգութիւն, ով ալ ըլլար այդ ոտնձգութեան հեղինակը:
– Եւ վերջապէս, եթէ չըլլար այն կառոյցը, որ կը կոչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան այն մեծ ընտանիքը, որ իր վրայ վերցուց գործին ծանր բեռը եւ ի գին բազում դժուարութիւններու ի գին թանկագին կորուստներու, շատ եւ շատ զոհողութիւններու կրցաւ այս գաղութը ղեկավարել եւ զայն հասցնել ապահով ափեր, նուազագոյն վնասներով:
Այսօր ալ, երէկուան նման, պատկերը տարբեր չէ: Կրկին Միջին Արեւելքը կը գտնուի ծանր տագնապներու խաչմերուկին վրայ, կրկին մթագնած է երկինքը, եւ վտանգաւոր զարգացումներ կը կատարուին սահմանին այս կողմը կամ սահմանէն անդին: Կը խօսուի Միջին Արեւելքի քարտէսներու փոփոխութեան մասին:
Հոս է, որ կրկին հանդէս կու գայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ու կրկին հանդէս կու գայ մեր հաւաքական կամքը` տագնապին ամէն գնով դիմադրելու վճռակամութիւնը հոսանքն ի վեր ընթանալը եւ, տակաւին, հոսանքին ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ թիավարելը եւ հակառակին փաստը տալը: Օրինակները մեր շուրջն են:
Այս մէկը անշուշտ կը նշանակէ` զոհողութիւններ, բազում աշխատանք, կազմակերպուածութիւն, ուժերու ամբողջական լարում, որոնց համար կրկին պատրաստ է ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իր անդամներով, իր համակիրներով, իր «կամաւոր բանակ»-ով, իր յանձնառու երիտասարդութեամբ, իրեն ուղեկից միաւորներով, եւ այս հանգրուանը եւս, նախկինին նման, կ՛անցնի ու կը հասնինք դէպի ապահով ապագայ:
Հոս նաեւ յատուկ յիշատակութեան արժանի է հետեւեալ խորհրդածութիւնը:
1975-76-ի դէպքերը եւ յաջորդ տարիներու զարգացումները կարծես նախաքայլ եղան, որ թրծեցին մեր երիտասարդ տղաքը` հասնելու մինչեւ նոր ժամանակներու զարգացումներուն: Ունենալու աւելի գաղափարապաշտ, գիտակից մարտունակ, պայքարող տղաք, որոնք օր մը նաեւ փաստեցին իրենց մարտունակութիւնը, գաղափարապաշտութիւնը եւ գիտակից զոհաբերութեան ոգիով պանծացուցին մեր արդի ժամանակներու պատմութիւնը` Լիբանանէն մինչեւ հայրենիք եւ հերոսական Արցախ:
Երկար կարելի է խօսիլ այդ տարիներուն մասին, ու ամէն ակումբ ունի իր պատմութիւնը, մարդոց առօրեայ կեանքը, զինուորական-ապահովական կացութիւնը, թաղերու վիճակը, կազմակերպական աշխատանքները, պահակութիւնը, մարդոց յարաբերութիւնները (որոնք շատ աւելի մարդկային էին ու եղբայրական) վիրաւորներու հասնելու վճռակամութիւնը, անպայման տեղ մը օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը, իր հացը իր դրացիին հետ բաժնեկցելու հարազատ մօտեցումը:
Կ՛արժէ յիշել քանի մը դրուագ` առանց մանրամասնութեան, այդ օրերու անցուդարձերուն հետ կապուած, կարենալ իսկապէս արժեւորելու համար այդ ժամանակահատուածը:
Երբ տղաքը դէպի ապահով ապաստարաններ կ՛առաջնորդէին ժողովուրդը եւ կամ հաց, ջուր եւ այլ կարիքներ կ՛ապահովէին անխտիր բոլորին, այս պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին քաջ տղաք, լաւ տղաք զոհ գացին ու նահատակուեցան ռումբերու տարափին տակ:
Երբ խիզախօրէն դէմ կը դնէին մեր ակումբներուն դէմ եղած ոտնձգութեանց եւ կուրծք տալով կը պաշտպանէին մեր ակումբները, մեր թաղերը, մեր ժողովուրդը ու կը նահատակուէին պարտականութեան ճամբուն վրայ:
Այդ տղաքը, վստահ եղէք, բնաւ պիտի չուզէին, որ ես այսօր այս մասին պատմեմ եւ կամ ակնարկութիւն ընեմ, սակայն սրտի, խղճի եւ բարոյական պարտք է այս մասին ակնարկելը:
Առաջին օրինակը կը վերաբերի օրին «Թեհլիրեան»-ի ընկեր Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանին:
Երկրորդ օրինակը` «Թեհլիրեան»-ի դէմ յարձակումը, կը վերաբերի ԼԵՄ-ական ընկեր Գէորգ Աշճեանին, որ ինկաւ` երբ զինեալներ կը պաշարէին «Թեհլիրեան» ակումբը` այլ շրջաններու մէջ պատահած դէպքերու իբրեւ վրէժխնդրական հակազդեցութիւն, նկատի առած, որ «Թեհլիրեան»-ը Պուրճ Համուտի ծայրամաս էր:
Հոս էր, որ ակումբ գտնուող պահակ տղաքը կը հակազդէին յարձակումին ամենայն քաջութեամբ: Հոս էր, որ կը նահատակուէր ԼԵՄ-ական ընկեր Գէորգ Աշճեանը եւ կը վիրաւորուէին երկու ուրիշներ:
Իսկ երրորդը` այն երբեմն յիշուած, յաճախ մոռցուած այն երկար շարքը ազգայիններու, թաղեցիներու, որոնք տուին նաեւ նահատակներ, վիրաւորներ, հաշմանդամներ, անյայտ կորսուածներ, առեւանգեալներ, ողջ նահատակներ ու կրեցին շա՜տ ու շա՛տ նիւթական եւ բարոյական վնասներ: Այս բոլորը կու գան ամբողջացնելու այդ տագնապալի օրերու զոհողութիւններու, վնասներու, ցաւերու պատմութեան համայնապատկերը:
Տարիներու թաւալքը շատ բան թերեւս ջնջած է մարդոց յիշողութիւններէն, բայց եւ այնպէս անոնք երկար ժամանակ պիտի մնան գաղութի յիշողութեան մէջ եւ պատմուին սերունդէ սերունդ:
Իբրեւ վերջաբան`
Ինչպէս պատերազմի տարիներուն, նաեւ ներկայ հանգրուանին, երբ տագնապները նոյնպէս առկայ են եւ նոյնքան դժուար ու փոթորկոտ, եւ միայն ձեւը փոխուած է, սակայն խորքը կը մնայ նոյնը, մենք կը վերանորոգենք հաւաքական մեր պատրաստակամութիւնը` միասնական ուժերով եւ բոլո՛րով, յաղթական դուրս գալու նաեւ այս հանգրուանի պայքարէն, պաշտպանելով լիբանանահայ այս գաղութը ու անոր ազատ ու բաց ճակատով ապրելու բացարձակ իրաւունքը:
Նաեւ կը խոնարհինք հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ հայոց իրաւունքներու պահպանման ճակատներուն վրայ զոհուած, նահատակ մեր հերոսներու անմոռանալի յիշատակին առջեւ: