Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի Արտասանած Խօսքը

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1610911_10203013847181980_236006603412060514_n

Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ինկած հայ նահատակները: 40 տարիներ արդէն անցած են Լիբանանի եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութեան պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերէն` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, որուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը կրեց բազմատեսակ վնասներ ու հետեւանքներ:

Պատերազմ մը, որ չխնայեց ոեւէ մէկը: Պատերազմ մը, որ Լիբանանի տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ էր, ու լիբանանահայութիւնը այս բախումներուն մէջ չէր կրնար անմաս մնալ: Այս բոլոր իրադրութիւններուն մէջ, շնորհիւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու որդեգրած «դրական չէզոքութիւն» քաղաքականութեան,  հայութիւնը կրեց նուազագոյն վնասները: Այստեղ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու հաւաքական կեցուածքները եւս նպաստեցին, որ ներհայկական իմաստով կեցուածքները ըլլան միատեսակ:

Պատերազմ մը, որուն պատրաստ չէինք, բայց այլընտրանք չունէինք: Կա՛մ այն է, որ գաղութը պիտի պարպէինք եւ կա՛մ ալ տուեալ պայմաններուն մէջ պիտի դիմէինք ինքնապաշտպանութեան, որպէսզի մեր թաղերը կարելի եղած չափ հեռու պահենք բախումներու գօտիներէն: Լիբանանէն հեռանալը կը նպաստէր մեր թշնամիին` Թուրքիոյ շահերուն: Օրին թշնամին լաւապէս գիտէր, որ Լիբանանը ոչ միայն սփիւռքահայութեան կեդրոնն է, այլ` Հայ դատի զինեալ պահանջատիրութեան դարբնոցը, եւ Լիբանանի հայաթափումով հարուածը մեծ կ՛ըլլար ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլ` Հայ դատի պահանջատիրութեան երթին: Այստեղ, բազմաթիւ դաշնակցականներու առեւանգումները յստակօրէն կու տան պէտք եղած բացատրութիւնները:

Ուստի, պէտք էր մնալ, պէտք էր զէնքի դիմել, պէտք էր ամուր բազուկներով հարուածել բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզէինք մուտք գործել մեր թաղերը, գրաւել մեր ակումբները, վնաս հասցնել մեր ժողովուրդին… Անմիջապէս մեր ակումբները վերածուեցան կեդրոններու: Պատերազմին բոլորին հաւաքավայրը ժողովրդային տուներն էին: Հո՛ն տղաքը կը զինուէին, հո՛ն տղաքը հաց կը բաժնէին, հո՛ն հիւանդները կը բուժուէին, հո՛ն ապահովութեան համար ընտանիքները կը քնանային:

Օրերը դժուար էին, ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները բազմաթիւ էին, բայց պէտք էր տէր կանգնիլ ժողովուրդին, այսպէս մեզի սորվեցուցած էին Դաշնակցութեան հիմնադիրները, ղեկավարները, հերոսներն ու նուիրեալները:

Գործը պէտք էր շարունակուէր եւ այդպէս ալ եղաւ: Պատերազմի մինչեւ վերջին փամփուշտը մեր տղաքը դիրքերուն վրայ մնացին, չտկարացան, փախուստ չտուին, չհրաժարեցան, չյուսահատեցան, այլ մեր հերոսներու ոգիով պայքարեցան:

Լիբանանահայութիւնը պատերազմի 15 տարիներու ընթացքին միասին էր, ու ամէն մէկը իրեն վստահուած գործը կը կատարէր: ԼԵՄ-ականներն ու ԼԵՄ-ին շուրջ համախմբուած երիտասարդները մեր արթուն պահակներն էին, ԼՕԽ-ականներն ու կամաւոր հայուհիներ ճաշերը կը պատրաստէին, հիւանդները կը խնամէին, իսկ ծերերն ալ իրենց ոգեւորիչ խօսքերով յոյս կու տային, հերոսներուն ճանապարհը կը լուսաւորէին:

Բազմատեսակ դժուարութիւններուն դիմաց լիբանանահայութիւնը նաեւ տուաւ տասնեակ նահատակներ: Երիտասարդներ, որոնք հայրենիքը չտեսան, բայց հայրենիքին համար զոհուեցան ու իրենց արիւնը նուիրեցին: Երիտասարդներ, որոնք կեանքի վայելքները մէկ կողմ դրած` նուիրուեցան հաւաքական շահերուն եւ դիրքերու վրայ վիրաւորուեցան, անդամալուծուեցան: Ֆանարն ալ այս բոլորէն անմաս չմնաց, մեր տղաքն ալ այստեղ դիրքերը պաշտպանեցին, ժողովուրդին կողքին եղան: Դէպքեր, որոնցմէ օրինակներ վստահաբար գոյութիւն ունի Ֆանարի իւրաքանչիւր ընտանիքին մէջ:

Այսօր, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դադրեցումէն  տարիներ ետք, տակաւին Լիբանան կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները: Փամփուշտներու ձայները մասամբ դադրած են, բայց տակաւին լիբանանեան հարցերը չեն լուծուած: Այսօր ալ մեզի համար հայապահպանման մարտահրաւէրները գոյութիւն ունին, այսօր ալ գաղութ պահելը դժուար գործ է,  եւ այսօր ալ մեր խնդիրները շատ են:

Երէկ մեր տղաքը զէնքով մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները պաշտպանեցին, եւ այսօր մենք մեր դպրոցներուն ու եկեղեցիներուն մէջ հայ պահելու խնդիր ունինք: Երէկ մեր տղաքը հաց բաժնեցին,  ու այսօր ալ մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածը ընկերային ու տնտեսական խնդիրներ ունի: Տակաւին ճանապարհը երկար է: Գործ ունինք կատարելիք:

Քաղաքացիական պատերազմի մեր նահատակներուն սկսած ճամբան պէտք է շարունակենք: Դաշնակցութեան դպրոցը մեզի սորվեցուցած է ու պարտաւորութեան տակ կը դնէ յարատեւ աշխատելու, ժողովուրդին ու Դատին ծառայելու: Մենք Ֆանարի մէջ շատ ընելիք ունինք: Մեր ժողովուրդը մեզմէ շատ ակնկալութիւններ ունի, որովհետեւ գիտենք, որ դուք կը հաւատաք, որ մեր հաւաքական աշխատանքով միայն կրնանք դէմ կանգնիլ արգելքներուն, որովհետեւ դուք կը հաւատաք, որ ինչպէս երէկ, այսօր ու վաղն ալ միշտ Դաշնակցութիւնը ձեր կողքին է, ձեզի համար է, ձեզմէ ծնած է ու ձեր ճամբով հայ ժողովուրդի շահերուն ու Հայ դատին կը ծառայէ:

Ֆանարը պէտք է ծաղկի, մեր շրջանի դպրոցը պէտք է դառնայ մեծ կեդրոն, մատուռը պէտք է փոխարինուի նոր եկեղեցիով, բնակարաններուն պայմանները բարելաւուին, ընկերային ծառայութիւնները բազմանան: Աշխատանքը սկսած է, ու ձեռք-ձեռքի պէտք է գործենք, որպէսզի մեր նահատակներուն հոգիները հանգչին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի 40-ամեակի նախաձեռնութիւններուն մեկնակէտը այս է` յարգանք մատուցել մեր նահատակներուն, վերանորոգել մեր ուխտը եւ միասնաբար շարունակել պայքարը:

Այս ոգիով աշխատինք, այս մթնոլորտով երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերին կայանալիք մեծ հանդիսութեան խիտ շարքերով մասնակցինք եւ այս մթնոլորտով ամէն օր եւ ամէն վայրկեան մտածենք ու գործենք:

Յարգա՛նք ու պատի՛ւ մեր նահատակներուն:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Թայուանի` 92-87 Արդիւնքով

Յաջորդը

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Րաֆֆի Քեչեճեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?