
Երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին, Չինաստանի մէջ սկսաւ Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 28-րդ ախոյեանութիւնը:
Լիբանանի տղոց ազգային խումբը յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 5 կէտի տարբերութեամբ` 92-87 արդիւնքով յաղթեց Թայուանի:
Լիբանանի սերպ մարզիչ Վասելին Մաթիչ այս մրցումին իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացուց հետեւեալ հնգեակը. Պասել Պաուժի, Ուաէլ Արաքժի, Ճէյ Եանկպլատ, Ժան Ապտելնուր եւ Ալի Հայտար:
Նշենք, որ մրցումին սկիզբը Լիբանան 8-0 արդիւնքով կը յառաջանար, մինչ մայրիներու կազմը Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 43-41 արդիւնքով:

Նշենք, որ Լիբանանի մարզիկները իրենց կէտերը նշանակեցին հետեւեալ ձեւով. Ահմետ Իպրահիմ` 23 կէտ, Ալի Հայտար եւ Ճէյ Եանկպլատ` 18-ական, Ուաէլ Արաքժի` 14, իսկ Ժան Ապտելնուր` 12:
Այսօր` հինգշաբթի, ժամը 16:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Քաթարի դէմ: