Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Անկախութեան Նոր Սերունդի Գերխնդիրը

September 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

24 տարի առաջ, 21 սեպտեմբեր 1991-ին, Հայաստանի քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 2,056,758 քաղաքացիներէն 2,042,627-ը (94.39%) «Այո» ըսաւ հետեւեալ հարցումին` «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ, ժողովրդավարական հանրապետութիւն` Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս»:

18 տարին լրացուցած եւ քուէարկելու իրաւունք ունեցող բոլոր քաղաքացիները խորհրդային կարգերուն մէջ ծնած ու կրթուած, խորհրդային վարք ու բարքով ապրող մարդիկ էին, որոնք սակայն ազգային նոր զարթօնքի ռահվիրաները հանդիսացան` դառնալով անկախութեան դրօշակիր սերունդ:

Այսօր այդ սերունդէն շատերը չկան. բազմաթիւ երիտասարդներ նահատակուեցան պատերազմի ընթացքին, ոմանք արտագաղթած են, ուրիշներ` թոշակի անցած: Շատեր դարձած են քաղաքական գործիչներ կամ գործարարներ (շատ յաճախ` երկուքը միասին), իսկ նուազ բախտաւորները մաս կը կազմեն Հայաստանի աղքատ խաւին, որ այսօր, ըստ պաշտօնական տուեալներու, Հայաստանի բնակչութեան շուրջ մէկ երրորդին չափ է®

Հիմա, սակայն, կայ նոր սերունդ մը, որուն ձայնը տակաւին քաղաքական բեմին վրայ շատ չի լսուիր, կամ` անոնց ներկայութիւնը երբեմն կը զգացուի քաղաքացիական շարժումներու եւ բողոք¬ցոյցերու ընթացքին: 20-ականներու եւ 30-ականներու մէջ գտնուող սերունդը չունի իր նախորդին փորձն ու քաղաքական դրամագլուխը, բայց վստահաբար ունի լիարժէքօրէն ազատ ապրելու կամք եւ արդարութեան գաղափարով սնանող արժեհամակարգ:

Անկախութեան «ԱՅՈ» քուէարկած սերունդին համար Հայաստանը խորհրդային կարգերէն ազատելն ու Արցախի պատերազմը յաղթանակով աւարտել էր: Նոր սերունդը, եթէ ոչ այդքան արիւնալի, բայց առնուազն նոյնքան դժուարին ու բարդ մարտահրաւէրի առջեւ կը գտնուի, որն է` ամրապնդել Հայաստանի անկախութիւնը` իսկապէս ժողովրդավար ու արդար պետութիւն ստեղծելով եւ աւարտին հասցնել արցախեան պայքարը` զինուորական յաղթանակը քաղաքական յաղթանակով ամրագրելով:

Նոր սերունդը, կը գիտակցի, որ կարելի չէ հայրենի պետական բերդը ամուր պահել եւ պայքարիլ արտաքին ճակատի վրայ, եթէ չմաքրուի ներքին փտախտը, եթէ վերջ չդրուի աղքատութեան եւ անարդարութեան, եթէ չկասեցուի արտագաղթը, եթէ ժողովրդավարութիւնը մնայ ձեւական® Նոր սերունդը կը գիտակցի, որ ի վերջոյ, հեռու կամ մօտիկ, դաշնակից կամ թշնամի համարուող երկիրներուն համար միշտ ալ աւելի դիւրին է բերդը ներսէն գրաւել, մանաւանդ երբ խարխուլ են ներքին կարգ ու սարքին հիմերը:

Նախ եւ առաջ` Հայոց պետականութեան բերդը ներսէն ամրացնելու գերխնդիրն է, որ դրուած է անկախութեան նոր սերունդին առջեւ: Եւ յաջողութեան բանալին միայն հայաստանաբնակ երիտասարդութեան ձեռքերուն մէջ չի գտնուիր, այլ` այն գիտակցութեան մէջ, որ ժողովրդավար եւ արդար պետութիւն ստեղծելու պայքարը Հայաստանի նոր սերունդին պայքարը չէ միայն, այլ` համա՛յն հայութեան կռիւը: Ուրեմն, եկէք, վերանայինք մեր առաջնահերթութիւնները եւ անկախութեան նոր սերունդին հետ միասին հայոց պետականութեան բերդը ներսէն ամրացնելու գերխնդիրը դարձնենք Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան թիւ մէկ նպատակը:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Երկու Խօսք

Յաջորդը

«Աղբալեան» Եւ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէներուն Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.