
Նոթրը Տամ – Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին մէջ տեղի ունեցող Պէյրութի ճատրակի 8-րդ միջազգային մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք 9 մասնակցողներ ապահոված են 3 կէտ` արձանագրելէ ետք իրենց երրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Անոնց կարգին է հայրենի կրանտմասթըր` Տիգրան Քոթանճեան, որ կը շարունակէ իր յաջող ելոյթներու շարքը:


