Իր մասնակցութիւնը բերելու համար հեծելարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան (23 տարեկանէն վար), Լիբանանի ախոյեան Էլիաս Ապու Ռաշետ (20 տարեկան) երէկ մեկնեցաւ Ռիչմոնտ – Վիրժինիա (Միացեալ Նահանգներ):
Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջինը` 2013-ին) կը մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ հանդիսացած էր 6-րդ` Ասիոյ մէջ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 27 սեպտեմբերին:
Նախքան Ապու Ռաշետի մեկնիլը, յատուկ այցելութեամբ մը Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կատարելիք համագումարին, ինչպէս նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու եւ ասիական ֆետերասիոններուն ժողովներուն:
Կ՛ակնկալուի, որ լիբանանեան պատուիրակութեան շուտով միանայ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Նազարէթ Հապիպեան` իբրեւ թեքնիք պատասխանատու: