Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ երէկ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: