
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Թարըք Պէյհան յայտնած է, որ պոլսահայ լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ ներկայիս կը գտնուի բանտը, Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութենէն թեկնածու առաջադրուած է 1 նոյեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Պէյհան Նշանեանի թեկնածութեան առաջադրման իբրեւ պատճառ նշած է Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու հարցին մէջ անոր անվախ կեցուածքը:
«Ներկայիս անոր բանտին մէջ գտնուելու պատճառը կը բխի խօսքի ազատութեան ոտնահարումէն: Թուրքիոյ մեծագոյն խնդիրներէն մէկը խօսքի ազատութիւնն է: Ազատականութեան կարեւոր չափանիշներէն մէկն ալ խօսքի ազատութիւնն ու հանդուրժողականութիւնն է: Նշանեան ունի այդ երկու որակներն ալ: Այդ պատճառով ալ մենք զինք թէ՛ մեզի, թէ՛ Թուրքիոյ համար խիստ կարեւոր անձ կը նկատենք: Բացի ատկէ, Սեւան Նշանեան կարճ ժամանակի մէջ աւելի շատ գործ կատարած է թրքերէնի զարգացման համար, քան Թուրքիոյ թրքաց լեզուի ընկերութիւնը 100 տարուան ընթացքին», ըսած է Պէյհան:
11 յունուար 2014-էն ի վեր 11 տարուան ժամկէտով բանտարկուած Սեւան Նշանեան ձերբակալուած է օրէնքով իրեն պատկանող տարածքին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարելուն համար: Թրքական մամուլը նախապէս յայտնած է, որ Նշանեանի ձերբակալութիւնը իշխանութիւններուն սարքած գործն է, որովհետեւ մտաւորականը բազմիցս հրապարակաւ քննադատած է կառավարութեան բացերը:
Ըստ «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքին, Նշանեանը պատժելու իսկական պատճառը այն է, որ ան համարձակած է քննադատել Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութիւնը` հրատարակելով «Սխալ հանրապետութիւն» գիրքը: