Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սինիրլիօղլու. «Ղարաբաղեան Խնդիրը Պէտք Է Լուծուի Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Ծիրին Մէջ»

September 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երէկ Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը շրջանի անվտանգութեան եւ զարգացման համար մեծագոյն խնդիրն է:

Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, ղարաբաղեան խնդիրը «պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»: «Թուրքիան մտադիր է շարունակել իր ջանքերը այդ ուղղութեամբ: Հիմնախնդիրին այդպիսի լուծումը պիտի ծառայէ շրջանին մէջ իրավիճակի բնականոնացումը: Մենք կ՛ուզենք, որ ատիկա հասկնան նաեւ միւս երկիրները եւ միջազգային հանրութիւնը», ըսած է Սինիրլիօղլու:

«Մենք կը հետեւինք Մինսքի խմբակի ջանքերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը քննադատենք կամ հաւանութիւն կու տանք անոնց գործունէութեան: Պէտք է հրաժարիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան յանգեցնել իրավիճակի վատթարացման: Վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած այսպէս կոչուած «ընտրութիւնները» սխալ եւ սադրիչ քայլ էին, եւ մենք կը դատապարտենք զանոնք», յայտարարած է Սինիրլիօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքու կատարած իր պաշտօնական երկօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:

Այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սինիրլիօղլուի հանդիպումը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները միտքեր պիտի փոխանակեն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին շուրջ, պիտի քննարկեն իրավիճակը Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, օրակարգին վրայ պիտի ըլլան նաեւ տեղահանուածներու հարցը:

«Շրջանային մէկ շարք խնդիրներու շուրջ Թուրքիան եւ Ռուսիան ունին նոյնպիսի մօտեցումներ: Դիրքորոշումներուն մէջ նաեւ տարակարծութիւններ կան: Կողմերը մտադիր են շարունակել կառուցողական երկխօսութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը պիտի անդրադառնան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու եւս, քննարկման առանցքային նիւթերու շարքին պիտի ըլլայ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը:

 

Նախորդը

Ըստ «Հայոց Աշխարհ»-ի. Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Պարտքը Շրջանցած Է 4 Միլիառ Տոլարը

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան Բարձրացուց Փանիկ Գիւղի Ջուրի Խնդիրը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.