Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Սկսան Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Նախաձեռնութիւնները

September 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mou-2_9-15-15mou-1_9-15-1515 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ սկսան Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական նախաձեռնութիւնները:

Աշխարհի չորս ծագերէն եկած ուխտաւորները այցելեցին Եսայի Եաղուպեանի շիրիմ-յուշարձան եւ ծաղիկներ զետեղեցին մեծ հրամանատարի շիրիմին առջեւ:

Մովսէս քհնյ. Ղազարեան կատարեց հոգեհանգիստի արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեանը` նշելով. «Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները սկսած են Լիբանանի մէջ, եւ արդէն տեղի ունեցած են յիշատակի 18 նախաձեռնութիւններ: Ուրախալի է, որ հայրենի իշխանութիւնները պետական մակարդակով եւ հետեւողական նախաձեռնութիւններով պիտի նշեն Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակը: «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան նախաձեռնութիւնները կու գան համալրելու կառավարութեան ծրագիրը: Ուրախալի է նաեւ, որ հայրենիքին մէջ հերոսամարտի նախաձեռնութիւնները սկսան Եսայի Եաղուպեանի շիրիմ այցելութեամբ: Մուսա Լերան հերոսամարտին իր գործուն մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եաղուպեան 1947 թուականին ներգաղթեց հայրենիք եւ հոն ալ կնքեց իր մահկանացուն»:

Յիշատակի արարողութեան ներկայ էին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի տնօրէն Կարեն Արիստակէսեան, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան, հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչներ Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Լիբանանէն եւ Աւստրալիայէն:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Չորրորդ Իշխանութիւն»-ի. Եւրասիական Տնտեսական Յանձնախումբը Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսութեան Համար Մռայլ Նախատեսութիւններ Կատարած Է

Յաջորդը

Տինքի Սպանութեան Հարցով Կասկածեալը Ոճրագործութեան Մասին Տեղեակ Պահած Էր Վերադաս Մարմինները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.