«Հարաւային Լիբանանի բանակ» միլիսի նախկին հրամանատար, իսրայէլեան գործակալ Անթուան Լահտ անցեալ շաբաթավերջին մահացաւ Փարիզի մէջ:
Ըստ «Լորիան լը ժուր» օրաթերթին, նշուեցաւ, որ անոր ընտանիքը որոշած է յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարել 20 սեպտեմբերին, Շուֆի Քֆարքաթրա գիւղին` Լահտի ծննդավայրին մէջ:
Անթուան Լահտ ծնած է 1927-ին: Ան լիբանանցի սպայ մըն էր, որ 1952-ին աւարտած էր Սպայից վարժարանը: 1989-ին ան մահափորձի ենթարկուած էր Սուհա Պշարայի կողմէ, որմէ ստացած էր երկու փամփուշտ: Երկար ատեն առողջական ծանր վիճակ դիմագրաւելէ ետք կենդանի դուրս եկած էր իր այդ վիճակէն:
1984-ին ստանձնած էր այսպէս կոչուած Հարաւային Լիբանանի բանակի հրամանատարութիւնը, մինչեւ որ 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումով փախուստ տուած էր Իսրայէլ:
Անթուան Լահտ լիբանանեան դատական իշխանութիւններէն ստացած է ցմահ բանտարկութեան վճիռ:
ՆՇԵՆՔ, որ Լահտը Լիբանանի մէջ թաղելու որոշումին դէմ այսօր ցոյց մը պիտի կատարուի Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ: