Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններուն Հարցով Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց

September 8, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mer_9-07-15

ՏԱՀԵՇ-ի եւ Արեւելքի մէջ իսլամիստական շարժումներուն դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ կողմէ տարուող երկակի խաղը դատապարտող բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ:

«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, թէ բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ 7 սեպտեմբերին, Ֆրանսայի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:30-ին` «Արեւելքի քրիստոնեաները վտանգի մէջ են» խումբի նախաձեռնութեամբ:

Բողոքի ցոյցը իրականացաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Արեւելքի քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի նախօրեակին, որուն հրաւիրուած է նաեւ Թուրքիան:

Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդը, որուն անդամները եւս մասնակցեցան բողոքի ցոյցին եւ անոր ընթացքին ելոյթ ունեցան, նշած են, որ Թուրքիան տեղ չունի նման խորհրդաժողովի մը մէջ: «Թուրքիան, որ մեղաւոր է հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան համար, սակայն կը հրաժարի իր կատարածը ճանչնալէ, մէկ դար անց յանցակիցն է Արեւելքի քրիստոնեաներուն, եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւններուն: Անոր կեղծ հայրենասիրութիւնը ծայրայեղական շարժումներուն դէմ պատերազմին մէջ խաբկանք է: Թրքական ռմբակոծումները հիմնականին մէջ ուղղուած են քիւրտերուն դէմ, որոնք կը պայքարին Իրաքի եւ Սուրիոյ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ: Մենք կը հերքենք եւ կը դատապարտենք Թուրքիոյ երկակի խաղը», ըսուած է Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 8 սեպտեմբեր 2015-ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով` նուիրուած Արեւելքի քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած հիմնահարցերուն, մասնաւորապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն: Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 60 երկիրներու ներկայացուցիչներ, անոնց կարգին` Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Իրաքէն, Սէուտական Արաբիայէն, Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններէն, յատկապէս ՄԱԿ-էն: Իր ֆրանսացի գործընկեր Լորան Ֆապիւսի հետ խորհրդաժողովը պիտի համանախագահէ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ճուտեհը: Կ՛ակնկալուի, որ խորհրդաժողովին իբրեւ արդիւնք ընդունուի «Փարիզի ծրագիրը», որուն ընդմէջէն պիտի ուրուագծուին Միջին  Արեւելքի քրիստոնեաներուն օժանդակութեան հիմնական ուղիները:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Սկսած Է Հայաստանի Հետ Բաժնող Պատի Շինարարութեան Աշխատանքները

Յաջորդը

Նալբանդեանը Մեկնած Է Փարիզ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.