Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան զոյգի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու ճակատումները աւարտեցան:
Աղջկանց զոյգի ախոյեան հանդիսացան Միրէյ Պոյաճեան եւ Թրէյսի Խայեաթ (ՀՄԸՄ Պէյրութ), որոնք աւարտականին 3-1 արդիւնքով (11-4, 11-3, 8-11 եւ 12-10) յաղթեցին Լեթիսիա եւ Թալիա Ազար քոյրերուն (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա):
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցաշարքին, Նատուա Քամաթիէի մաս կազմող Մոհամետ Համիէ – Պիլալ Հարաքի զոյգը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Մարք Քարամ (Շապապ Պէյրութ) – Ժան-Փիեռ Վիքանի (Մոն լա Սալ) զոյգին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: