Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ` ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ…

August 22, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, համեստ առաջարկս է, որ շարունակենք մնալ մարեմաշունչ մթնոլորտին մէջ, քանի իր էջերով մեր այս օրաթերթը կը պարտադրէ մեզ դեգերելու Կուսամօր Վերափոխման տօնին ծիրին մէջ (տես «Ազդակ», Բշ., 15 օգոստոս 2011, էջ 1ա-բ, 10ա-բ, 3ե, 4ա-գ եւ 5ա-գ):

Այս ծիսակարգային կանոնադրութեան համար, մեր եկեղեցին Վերափոխումը կանխող շաբաթապահքն իբրեւ պատրաստութիւն սահմանելէ ետք, այս տաղաւարին որոշեց իննօրեայ մը` թէ՛ աւելի թափանցելու համար անոր խորհուրդին մէջ եւ թէ՛ աւելի յագենալու անոր բաշխած բերկրանքով:

Վերափոխումը տօնն է Մարիամ Աստուածամօր հոգիով ու մարմնով փոխադրումին կամ վերացումին դէպի երկինքը` Աստուծոյ սիրոյ եւ անմահութեան տունը:

Վերափոխումը Յիսուս Որդիէն Մօր տրուած առանձնաշնորհումն է` իբրեւ լրումը Մարիամի անարատ յղութեան, աստուածամայրութեան, մնայուն կուսութեան ու սրբութեան:

Անարատ յղութեամբ, աստուածամայրութեամբ, մշտական կուսութեամբ ու սրբութեամբ մենաշնորհեալ Մարիամ անձը ազատ մնաց հոգեկան մահէն, որ մեղքն է, ինչպէս նաեւ մարմնական ապականացումէն, փոշիացումէն, որ հետեւանքն է մեղքին ու մեղաւորութեան:

Մարիամի մարմինը, որուն մէջ մարմնաւորուեցաւ ու մարդացաւ Աստուածորդին, չէր կրնար սահմանուած չըլլալ յաւիտենական կեանքին, որուն տէրն է Յիսուս Քրիստոս:

Ուստի, ինչպէս որ Մարիամի հոգին անբաժանելի էր Յիսուսի հոգիէն, նոյնպէս Մօր մարմինը չի բաժնուիր որդիին մարմնէն, եւ ծնեալին սրտէն` ծնողին սիրտը:

Այս ճշմարտութիւններով եւ խորհրդածութիւններով կը ներկայանան մեզի այն հայ Ս. հայրերը, ներբողագիրները, շարականասացներն ու մատենագիրները, որոնք դաւանեցան Տիրամօր ննջումն ու երգաբանեցին Կուսամօր վերափոխումը: Հոս կը յիշեմ չորս անուններ:

Զաքարիա Ա. Ձագեցի կաթողիկոս (855-876) կը վարդապետէ Տիրամօր փոխումը` վերհանելով երկրաւորներուն ցնծութիւնը եւ երկնաւորներուն խնդակցութիւնը. «Այսօր փոխեցաւ երանելի Աստուածածինն, Մայրն միշտ կենդանի. քանզի զանմահութեան ճաշակեաց զբաժակ միշտ բարեխօսէ վասն աշխարհի»:

Ս. Գրիգոր Նարեկացիին (940/45-1003/4) տեսութիւնները նաեւ գեղագիտական գոհարներ են հայ մարեմաբանութեան մէջ. «Խնդա՛ ուրախ լե՛ր, Յարկ անճառ ծնելոյդ ի Քէն անեղիդ Աստուծոյ, որ ի նմին յՈրդւոյն Քո խնամոց հրաշազարդ փառօք ամբարձար…  թեւօք թեթեւութեան Հոգւոյն սլացեալ` յիմանալիսն վերաչուեցար ի կայանս հանգչել»:

Ս. Ներսէս Շնորհալի (1166-1173) կը հռչակէ Աստուածածնի վերափոխումին խորհուրդն ու հաւատքը. «Այսօր Գաբրիէլ հրեշտակապետն եկեալ, բերեալ բրաբիոն պսակ յաղթող Կուսին: Այսօր կոչելով առ բոլորիցն Տէր զՏաճար Բարձրելոյն զԲնակարան Բանին»:

Ս. Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198) ներբողագիրն է հոյակապ ճառի մը, որով կը պանծացնէ իր սիրահատորին հոգիով մարմնով վերափոխուիլը. «Առաքեալքն եդեալ ի տապանի զաստուածամուխն մարմին. լսէին շուրջ զնովաւ զերիս աւուրս զերգս հրեշտակացն որք պարէին: Եւ Տէր Քրիստոս վերացուցեալ զոգի ընդ մարմնոյ իւրոյ Ծնողին. ած ցնծութեամբ և ուրախութեամբ տարաւ հանգոյց իր տաճար Հօր իւրոյ»:

Տիրամօր Վերափոխումի տօնին բաշխած բերկրանքն ոչ միայն երկնաւոր, հոգեկան ու հոգեմտաւոր է, այլ նաեւ երկրաւոր, նիւթական ու մարմնաւոր է, եւ  այն` յատկապէս հայերուս համար, երբ «Ննջումն Աստուածածնի» կամ «Փոխումն Աստուածածնի» սիրագեղ տօնին կապած ենք օրհնութիւնը խաղողին ու մատաղին:

Խաղողօրհնէքով` եկեղեցին Աստուծոյ կը նուիրագործէ տարեկան բերքին երախայրիքը, միշտ բարեխօսութեամբ Տիրամօր: Խաղողը, որմէ կը հանուի Աստուածային պաշտամունքին ատեն Յիսուսի Ս. Արիւնին սրբագործուած գինին, է նաեւ խորհրդանիշը միութենական սիրոյն ու համերաշխութեան, որոնց զուլալ ակնաղբիւրն է վերափոխեալ Սիրամայրը:

«Մատաղ»ը ուխտի կամ այլ առիթներու զոհուած կենդանին է, Վերափոխումին` այն օրհնուած ոչխարներն են, որոնց միսով եւ կորկոտով կը պատրաստուի հերիսան` բաժնելու համար մարեմասէր ուխտաւորներուն:

Արգադիրը, որ ուխտին կատարումն է կամ նուիրագործուած մատաղն է, կը խորհրդանշէ մարդերուս, ընդհանրապէս, եւ հայերուս, յատկապէս, առօրեային տաժանքը, որուն գիտակից զոհաբերումով կ՛ուզենք հայցել Տիրոջ օրհնութիւնը` միշտ միջնորդութեամբ Կուսամօր:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 16 օգոստոս 2011

Նախորդը

1991 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՕԳՈՍՏՈՍ- ՁԱԽՈՂՈՒԱԾ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ ՄՈՍԿՈՒԱՅՈՒՄ. ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԱՅՍ ՕՐԵՐԻՆ ՎՃՌՒՈՒՄ ԷՐ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՇԱԲԱԹ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՍԿՍԱԾ ԽԱՂԵՐԸ ԵՐԷԿ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.