ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման համար աշնան գործադրուելիք իրենց ջանքերուն մասին:
Ուորլիք ըսած է, որ Մինսքի խմբակը կը ծրագրէ սեպտեմբերին յաջողցնել ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը:
Դեսպան Ուորլիք ըսած է նաեւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն աշնան այցելել շրջան, սակայն յստակ թուական մը չէ նշած:
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ աւելցուցած է, որ բարձրագոյն մակարդակի յանձնառութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի` տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու համար: