Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ կը շարունակուին սահմանադրական բարեփոխումներուն շուրջ քաղաքական ուժերուն հետ տեղի ունեցող խորհրդակցութիւնները:
Այդ հոլովոյթին ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Ազգային միաբանութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Արտաշէս Գեղամեանի, Արա Սիմոնեանի, Վիլեն Արեւշատեանի, Լեւոն Գալստեանի, Սոնա Գասպարեանի եւ Արտաշէս Շահվերդեանի հետ:
Նախագահի պաշտօնական կայքը հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած:
Նաեւ Սահմանադրական Իրաւունք Միութեան Հետ
Սահմանադրական բարեփոխումներուն շուրջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցող խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Սահմանադրական իրաւունք միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Հայկ Բաբուխանեանի, Արտակ Գրիգորեանի, Յովհաննէս Գալաճեանի, Լեւոն Բաղդասարեանի եւ Գեղամ Գրիգորեանի հետ:
Նախագահի պաշտօնական կայքը այս հանդիպումին մասին եւս մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած: