
25 օգոստոսին ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Փերմեաքովի դատին հարցով` 12 օգոստոսին տրուած վճիռը օրինական ուժի մէջ մտաւ, կը տեղեկացէ Ռուսիոյ Հիւսիսկովկասեան զինուորական շրջանի դատարանի 5-րդ զօրակայանի դատարանը:
12 օգոստոսին Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ զօրակայանին մէջ տեղի ունեցած արտակարգ նիստին ընթացքին դատարանը ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Փերմեաքովը մեղաւոր նկատեց զէնքով դասալքութիւն կատարելու, հրաձգային զէնք, զինամթերք յափշտակելու եւ ապօրինի կրելու մէջ եւ զայն դատապարտեց ընդհանուր առմամբ 10 տարուան ազատազրկումի` խիստ աշխատանքային ուղղիչ միջավայրով բանտի մը մէջ:
Վճիռի հրապարակումէն ետք Փերմեաքով 10-օրեայ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կրնար բողոքել, ինչ որ, փաստօրէն, տեղի չէ ունեցած, եւ վճիռը մտած է օրինական ուժի մէջ:


