Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին-Սիսիի Հանդիպումին Ընթացքին. Ռուսիոյ, Եգիպտոսի Եւ Սուրիոյ Մասնակցութեամբ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Շրջանային Ճակատի Մը Հաստատման Շուրջ Համաձայնութիւն

August 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին եւ Սիսի
Փութին եւ Սիսի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ իր հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահին հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդող քայլերու շուրջ, որոնց շարքին` Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ռուսիոյ միջեւ հասարակաց ծրագիրներու ֆոնտի մը հաստատումը:

«Գոյութիւն ունի համաձայնութիւն պայքարելու ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններու տարածման դէմ», ըսաւ Փութին` նշելով. «Համաձայնութիւն գոյացուցինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար Ռուսիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մասնակցութեամբ շրջանային լայն ճակատ մը ստեղծելու շուրջ»:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ իրենք նպատակ ունին Եգիպտոսի մէջ ռուսական ճարտարարուեստի շրջան հաստատելու` նշելով, որ Եգիպտոսի մէջ կը գործեն 400 ռուսական ընկերութիւններ: Համաձայնութիւն գոյացած է Եգիպտոսի հետ փոխադարձ առեւտուրը աճեցնելու եւ ատոր դիմաց ծառացող դժուարութիւնները վերացնելու, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ հիւլէական կայան մը կառուցելու:

«Եգիպտոսը ռուս զբօսաշրջիկներու համար վերածուած է արտասահմանեան լաւագոյն վայրի, եւ անցեալ տարի այդտեղ այցելած են 3,5 միլիոն ռուսեր», ըսաւ Փութին:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր կարգին յայտարարեց, որ Եգիպտոսի ժողովուրդը նախանձախնդիր է տարբեր մարզերու մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցութեան նկատմամբ:

Ան մասնաւորաբար շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Թուրքիոյ Հետ Համաձայնութիւնը Թռիչքներու Արգիլեալ Գօտիի Կամ Ապահովական Գօտիի Ստեղծման Կէտ Չի Պարունակեր»

Յաջորդը

«Ընտրութիւնները Կայունութեան Եւ Քաոսի Միջեւ Ընտրութիւն Մը Պիտի Ըլլան» Կ’ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Միջազգային

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

September 28, 2026
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Միջազգային

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.