Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, իր կատարած երկրորդ մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ` 32-րդ շարժումին:
Արոնեան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 1,5 կէտ:
3-րդ հանգրուանին Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի Անիշ Կիրիի դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am: