Սորպոնի համալսարանի դասախօս Մարք Մուղալեան (51 տարեկան) եղած է առաջիններէն, որ փորձած է կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսէլ ճեպընթացի ահաբեկիչը: Արդարեւ, 21 օգոստոսին ծագումով մարոքցի ահաբեկիչ Այուպ Ղազանի փորձած էր կրակել անմեղ ճամբորդներու վրայ:
Ֆրանսահայ գիտնականը, երբ փորձած էր միջամտել, վիրաւորուած էր ձախ ձեռքէն: Նշենք, որ երկու ամերիկացի զինուորականներ եւ բրիտանացի գործարար մը յաջողած էին չէզոքացնել ահաբեկիչը եւ փրկել Ֆրանսան ահաբեկչական արարքէ մը: