Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Դեսպանութիւնը 41.000 Եւրօ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանի Գիւղերուն Մէջ Իրականացուող Ծրագիրներուն

August 24, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ker-24_8-23-15

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը այս տարի նոյնպէս կ՛օժանդակէ փոքր դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացուող նախաձեռնութիւններուն: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութեան մամլոյ բաժինէն:

Վերջին օրերուն համաձայնագիրներ ստորագրուած են հայկական այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց ներկայացուցած ծրագիրները հաւանութեան արժանացած են: «Ուրախ ենք, որ այս տարի մեզի հասած են մեծ թիւով լաւ յայտեր: Յաջողակ նախաձեռնութիւնները անցած են դժուար ընտրութեան հոլովոյթէ: Մեր կողմէ քննարկուած են 125 դիմում-յայտեր, եւ մեզի համար որոշում տալը եղած է շատ դժուար», ըսած է դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նատիա Լիխդենպըրկըր:

Դեսպանութեան փոքր դրամաշնորհային ծրագիրը կ՛օժանդակէ կարճաժամկէտ ձեռնարկներու, որոնք կոչուած են արձագանգելու կարիքաւորութեան կէտային խնդիրներուն եւ կրնան նպաստել բնակչութեան ամէնէն խոցելի խումբերու կենսապայմաններու բարելաւման` առաւելութիւնը տալով գիւղական վայրերուն: Ընդհանուր առմամբ, այս տարուան ծրագիրներուն համար յատկացուած է 41.000 եւրօ:

Այս տարի օժանդակութիւն պիտի ստանան շարք մը նոր նախաձեռնութիւններ: Մասնաւորապէս, «Հայկական ճամբար» լեզուի եւ առագաստանաւի դպրոց հասարակական կազմակերպութիւնը` Սեւանայ լիճի ափին արձակուրդային ճամբարի վերակառուցում, Գանձաքար գիւղի շահառուներու խումբը` գիւղացիներու եւ փոքր ձեռներէցներու համար շարժական շուկայական ծրագիրի ստեղծում, Սիւնիքի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնը (Եղէգնաձոր)` թիւ 64 մանկապարտէզի բակային պարագաներու համալրում, «Յոյսի կամուրջ» հասարակական կազմակերպութիւնը (Նոյեմբերեան)` հաշմանդամներու արհեստանոցի համալրում, Ֆրանս-հայկական զարգացման հիմնադրամը` խուլ եւ համր անձերու ուսուցիչներու վերապատրաստում, Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը` Աբովեանի հանրակացարանին մէջ հանրային սենեակի ստեղծում, «Սուրբ Սանդուխտ» կիներու հասարակական կազմակերպութիւնը` Գեղարքունիքի մարզի հինգ դպրոցներու համար մարզական պարագաներու ձեռքբերում, ՀԵՆԱ հասարակական կազմակերպութիւնը (Սառնաղբիւր)` երիտասարդական համայնքային կեդրոնի ստեղծում, «Լոռէ» էքոակումբ հասարակական կազմակերպութիւնը (Ստեփանաւան)` տասը արեւային չորանոցներու կառուցում միրգի չորացման համար:

 

 

Նախորդը

Իրաքի Քերքուք Քաղաքին Մէջ Հայկական Եկեղեցի Բացուած Է

Յաջորդը

Գալուստ Սահակեան Հանդէս Եկաւ Շնորհաւորական Ուղերձով` Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման 25-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.