Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանը` Հոգեմտաւոր Ու Մշակութային Հարստութեան Մայր Օճախ

Օգոստոս 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ

sis_8-24-15

1045 թուականին  վերջնականապէս շիջեցաւ 160 բեղուն եւ առլցուն տարիներու անցեալ եւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու տիտղոսով դրոշմուած մշակութային մայրաքաղաք Անին որպէս կեդրոն ունեցող Բագրատունիներու հարստութիւնը:

Սակայն 11-րդ դարու աւարտին, նոր հարստութեան մը սկիզբով, նոր արշալոյս բացուեցաւ հայոց համար: 1080 թուականին Ռուբէն իշխանը Կիլիկիոյ մէջ հիմը դրաւ հայկական նոր թագաւորութեան մը`  հայերուն համար քաղաքական կեդրոն դարձնելով Կիլիկիան:

1293 թուականին Եգիպտոսի Աշրաֆ սուլթանին ձեռամբ Հռոմկլան իր անկումը ունեցաւ: Այս պատճառով Գրիգոր Է. Անաւարզեցի կաթողիկոսին օրով, հայոց Հայրապետական Աթոռը փոխադրուեցաւ Սիս` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքը:

Անի-Սիս ժամանակամիջոցին, Հայոց Հայրապետական Աթոռը իբրեւ կեդրոն ունեցաւ նախ Թաւբլուրը, ապա Ծամնդաւն ու Ծովք-դղեակը եւ վերջապէս շուրջ մէկուկէս դար` Հռոմկլան:

Հայոց Հայրապետական Աթոռին Սիս փոխադրութեամբ, Կիլիկիոյ մայրաքաղաքը դարձաւ նաեւ հայոց նաեւ կրօնական ու հոգեւոր բարձրագոյն կեդրոնը եւ հոգեմտաւոր ու մշակութային վառ օճախ մը:

Կիլիկիան` Հոգեմտաւոր
Առաքելութեան Կեդրոն

Այս նորակերտ հայրենիքին մէջ նոր արարումներով հարստացան հայ եկեղեցին ու հայ մշակոյթը, որոնց գանձարանը լեցուեցաւ ոգեղէն նոր հարստութիւններով:

Վարդապետներ, մատենագիրներ, օրինակողներ ու ծաղկողներ, իրենց հոգիի լոյսէն, մտքի գանձէն ու սրտի արիւնէն լեցուցին հայ դպրութեան անուշահամ գինիի կարասին մէջ` յաւերժացնելով պատմութիւնը հայոց, ի գիտութիւն գալիք բոլոր սերունդներուն: Գէորգ Սկեւռացին, Յովհաննէս Պլուզ վարդապետը, Մովսէս Երզնկացին եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ փառքի դափնեկիրներ չդարձան, սակայն երախտիքի արժանացան յաջորդող սերունդներէն ու յաւերժացան իրենց հոգեմտաւոր արգասիքով:

Կիլիկիան` Մշակութային
Հարստութեան Կեդրոն

Կիլիկեան հայրենիքը նաեւ դարձաւ մշակութային հարստութեան կեդրոն: Այսօր Թորոս Ռոսլինի, Պիծակի նուրբ արուեստի ու գոյներու հիանալի ներդաշնակութեամբ մանրանկարները անկրկնելիութեամբ կը յատկանշուին: Կիլիկեան շրջանի հայկական ձեռագիր մատեաններու անգնահատելի հարստութիւնը, իւրաքանչիւր թերթի խորհուրդը, զայն շօշափող ու դարձնող հայ թէ օտար մարդը իր մատներու ծայրին կը զգայ, թէ ինչպիսի մեծ վերելք արձանագրուեցաւ Կիլիկեան շրջանին:

Թագաւորական օծման արարողակարգը իր մէջ բովանդակող Սսոյ Մայր Մաշտոցը, որուն տառերուն ու տողերուն վրայ հայոց արքաներուն աչքերուն հայեացքը ինկած է ու ընթերցած հայոց ազգին ղեկավարութիւնը ստանձնելու ուխտագիրը, բնաւ պիտի չկորսնցնէ իր հմայքը, դարձեալ կազմելով փառքը այն քաղաքին` Սիսին, ուր գրուեցաւ ան ու կտակուեցաւ հայ ազգին:

Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ճակատները իր դրոշմով իրարու կապող ու իր բոյրով հայը օտարէն զանազանող Սուրբ Միւռոնը քանի-քանի անգամներ օրհնուեցաւ այս յաւերժական մայրաքաղաքին մէջ, հայոց հայրապետներուն ձեռամբ, եւ անոր պարունակին` Միւռոնի հրաշակերտ կաթսային մէջ եկաւ մտնելու հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր Սրբութիւնը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնաբաշխ Աջը: Միւռոնաթաթախ այս Աջին հովանիին տակ բազմիցս փրկուած քաղաքը` Սիսը, միշտ երկիւղածութեամբ վարուեցաւ եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբին նուիրական մասունքին հետ` անոր պաշտպանութեան ու պահպանումին գործը յանձնելով Աջապահեան յատուկ տոհմին:

Իր բերդանման կաթողիկոսարանը, որուն մէջ կը պահուէին այս հարստութիւնները, մնայուն հոգածութեան առարկայ դարձաւ հայոց հայրապետներուն կողմէ, որոնցմէ ամէն մէկը անոր վրայ քար մը աւելցուց, մինչեւ որ Կիրակոս Մեծագործ կաթողիկոսին օրով հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ` զարդարուելով Ս. Սոֆիա հսկայ Մայր տաճարով:

Կիլիկիան` Միջեկեղեցական
Գործունէութեան Կեդրոն

Հայկական սփիւռքի հիմքն է Կիլիկեան Հայաստանը: Աշխարհին բացուելու պատուհանը եղաւ անիկա: Լատիններուն հետ երկխօսութեան, յարաբերութեան տարբեր մակարդակներու աշխատանքները օրուան քաղաքական իշխանութիւններուն կողքին ու երբեմն անոնցմէ աւելի, հայ եկեղեցին ինք կատարեց` իր լուսամիտ հայրերու բանիմաց քաղաքականութեամբ: Ս. Ներսէս Շնորհալին եւ Լամբրոնացին առաջնակարգ անուններ են հայ եկեղեցւոյ արտաքին քաղաքականութիւնն ու աստուածաբանական երկխօսութիւնը ծաւալելու գործունէութեան մէջ:

Միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն հիմնադիրները ու քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան օրինակելի առաջին արարքները մեր եկեղեցին

կը պարտի Կիլիկեան Հայաստանի հայ հոգեւորականներուն:

Անթիլիասը` Նոր Սիս
Եւ Նոր Կիլիկիա

Կիլիկիան ու անոր արծուեբոյն Սիս մայրաքաղաքը կորսնցնելը` թուրքին նենգ ու ոճրային Ցեղասպանութեան կանխամտածուած արարքով, յուսաբեկման ու քայքայման չառաջնորդեց ազգը, որ բազմաթիւ անգամներ մեռնելու եւ յառնելու վիճակներու մատնուած էր պատմութեան ընթացքին:

1930  թուականը ժամանակն էր դարձեալ ծնելու, այս անգամ Անթիլիասի մէջ, իբրեւ նոր կեդրոնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քանդուած ու աւերուած բոյնին: Այսօր Անթիլիասի մէջ պատմութիւնը կը շարունակուի գրուիլ նուիրեալ աշխատանքով: Աշխատանք, որուն մէջ խառնուած է «ճերմակ արիւնը» հայրապետէն մինչեւ դպիրին, ղեկավարէն մինչեւ սպասաւորին:

Մշակոյթի գանձատունը նոր իրագործումներով հարստացնելը, հայ դպրութիւնը ծաղկեցնելը, հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը պահպանելը, միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն տարածքը ընդարձակելը կ՛իրականանան մարդոց շնորհիւ, եւ անոր մէջ մեծ է դերը նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Սիսի մէջ ջարդուած ու կոտորուած մարդուժը այստեղ նոր սերունդներով կը համալրուի` աւելի՛ պատրաստուած, աւելի՛ բարձրագոյն ուսման հասած, աւելի՛ պատրաստակամ ու յանձնառու:

Վերջապէս, Անթիլիասը այսօր Սիսի հայելիին մէջէն արտացոլացող շողք է, որուն նայելով հայն ու օտարը պիտի տեսնեն փառաւոր անցեալի` թագաւորական ու հայրապետական մականներու վերընձիւղումը, որ երաշխիքն է մեր ազգի ու եկեղեցւոյ վառ արշալոյսներուն ու յաւերժութեան:

 

 

 

Նախորդը

Երբ Աննկատ Գործօնը Կը Փորձէ Ազդու Դերակատար Ըլլալ

Յաջորդը

«Կանգառ» Կազմակերպեց Իր Առաջին Ցուցահանդէսը` «Խաչմերուկ»-ը

RelatedPosts

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք
Անդրադարձ

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք

Մայիս 8, 2025
Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը
Անդրադարձ

Սլաք. Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Իւրայատուկ Ներկայացման Առիթով. Բա՛ւ Է Մենք Զմեզ Ատենք, Այլ Նախասիրութիւններէն Անդին` Լա՛ւը Գնահատենք

Մայիս 8, 2025
Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին  (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)
Անդրադարձ

Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?