ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամբողջ աշխարհի տարածքին հրապարակուեցան հազարաւոր յօդուածներ, որոնք կը մերկացնէին Թուրքիոյ ռազմավարական խաբէութիւնը` օգտագործելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի պատրուակը` ձեռնարկելու համար ցեղասպանական ռմբակոծութեան արշաւի ընդդէմ քիւրտերուն, որոնք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ խիզախօրէն կը դիմակայեն ՏԱՀԵՇ-ը:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» թերթը 12 օգոստոսին տեղեկացուց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը մեղադրած է Թուրքիան` ամերիկեան կառավարութիւնը խաբելու յանցանքով, արտօնելով Ինճիրլիքի ռազմակայանի օգտագործումը ՏԱՀԵՇ-ը վրայ յարձակելու համար, իբրեւ ծածկ նախագահ Էրտողանի կողմէ քիւրտ զինեալներու (ՔԱԿ) դէմ պատերազմ հռչակելուն` հիւսիսային Իրաքի մէջ: Մինչեւ օրս Թուրքիան կատարած է 300 օդային յարձակում ՔԱԿի եւ միայն երեք` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
Էրտողանի նպատակն է քիւրտերը պատժելու միջոցով շահիլ թուրք ընտրողներուն համակրանքը յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք կարելիութիւն պիտի տան իր կուսակցութեան բացարձակ մեծամասնութիւն ստանալու եւ հաստատելու մենատէր նախագահական կրօնապետութիւն:
Անգարան` ամերիկեան հանրութիւնը խաբելու եւ մոլորութեան մէջ ձգելու համար, քիւրտերուն դէմ իր պատերազմը սկսելէն քանի մը օր ետք վարձեց «Սքուայըր Փեթըն Պակս» ընկերութիւնը ամսական 32 հազար տոլարով` իբրեւ «Կեփհարթ Կրուփ» հզօր լոպիական ընկերութեան ենթակապալառու: «Սքուայըր Փեթըն Պակս»-ի կազմին մէջ են նախկին ծերակուտականներ Թրենթ Լաթ, Ճան Պրօ եւ Սպիտակ տան նախկին պաշտօնեայ Ռապըրթ Քափլա: «Կեփհարթ»-ի թրքական լոպիական խումբը կազմուած է հետեւեալ ենթակապալառուներէն` Կրինպըրկ Թրորիկ, Պրայըն Ֆոռնի, Լիտիա Պորլընտ եւ «Տիքշթայն Շափիրօ» ընկերութիւն. վերջինս իր լոպիական աշխատակազմին մէջ վերջերս ընդունած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէն Փորթըր Կասը: Թուրքիոյ կողմէ վարձուած այլ լոպիական ընկերութիւններն են` «Կոլտըն Սոլիուշընզ»-ը, «Ալփայթաք»-ը, «Ֆին Փարթնըրզ»-ը, «Ֆերահ Օզպեք»-ը եւ «Կոլին/Հերիս Ինթըրնէյշընըլ»-ը: Ըստ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն, Թուրքիա տարեկան շուրջ 5 միլիոն տոլար կը վճարէ այս լոպիական-հանրային կապերու ընկերութիւններուն: Բացի ատկէ, ոչ շահութաբեր քանի մը ամերիկեան կազմակերպութիւններ իբրեւ ճակատ կը ծառայեն թրքական կառավարութեան` Միացեալ Նահանգներու մէջ նպաստելու անոր շահերուն, Քոնկրեսի անդամներն ու լրագրողները հրաւիրելով Թուրքիա` ամբողջովին վճարուած զբօսանք-խնճոյքներու համար:
Թուրքիոյ համար աշխատող ամերիկեան լոպիիստներէն հաւանաբար ամէնէն վիճայարոյցը Փորթըր Կասն է` 2004-2006 թուականներուն «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը, որ համաձայնած է ծախել իր հոգին, հաւանաբար նաեւ Միացեալ Նահանգներու ազգային գաղտնիքները, բուռ մը թրքական լիրայի համար»:
Յատկանշական է, որ համաձայն «Օտար գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքին` արդարադատութեան բաժանմունքին Կասի ներկայացուցած զեկուցումին մէջ ան խուսափած է թրքական կառավարութեան կողմէ իր վարձատրութեան վերաբերեալ հարցումին պատասխանելէ: Ան պարզապէս գրած է. «Աշխատավարձը հիմնուած չէ միայն օտար յաճախորդին (Թուրքիա) մատուցուող ծառայութիւններուն վրայ:
23 ապրիլ 2015-ին ներկայացուցած իր զեկուցումին մէջ Կաս հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Թուրքիոյ կատարած իր ծառայութիւնները.
1. Ապահովել խորհրդատուութիւն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման առնչութեամբ շարք մը առանցքային ոլորտներու մէջ, որոնք քննարկման առարկայ են Քոնկրեսին համար, ներառեալ առեւտուր, ուժանիւթային անվտանգութիւն, հակաահաբեկչական ջանքեր եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ շրջանային կայունութիւն ապահովելու համար ջանքեր:
2. Իրազեկել Քոնկրեսի անդամներն ու Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու մասին:
3. Տեղեկացնել Թուրքիան Քոնկրեսի կամ գործադիր իշխանութեան իւրաքանչիւր որոշման մասին, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերուն:
4. Պատրաստել իրադարձութիւններու վերլուծութիւն` Քոնկրեսի եւ գործադիր իշխանութեան մօտ Թուրքիան յուզող հարցերուն մասին:
Յատկանշական է, որ Կասի գործատուն` «Տիքշթայն Շափիրօ»-ն, խաբած է արդարադատութեան նախարարութիւնը` անոր ծառայութեան սկիզբէն երկու օր եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն երեք օր առաջ զեկուցելով, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէնը իր լոպիական ընկերութեան անունով արդէն հանդիպում ունեցած է Քոնկրեսի ինը անդամներու հետ` քննարկելու «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները»:
Ամենայն հաւանականութեամբ, Թուրքիոյ համար իբրեւ լոպիիստ Փորթըր Կասի վարձատրութիւնը պարգեւատրում էր թրքական հարցերուն մէջ անոր հաւատարիմ աջակցութեան` 1989-2004 թուականներուն Ֆլորիտայէն հանրապետական քոնկրեսական եղած ատեն: 2000-ի հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի քննարկման ատեն քոնկրեսական Կաս, որ այդ ատեն Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան յանձնախումբի նախագահն էր, դէմ արտայայտուեցաւ բանաձեւի ընդունման` իբրեւ արդարացում օգտագործելով այն, որ ատիկա կրնայ վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն: Այնուամենայնիւ, Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը ընդունուեցաւ 24 թեր, 11 դէմ քուէներով:
Շատ ամօթալի է, որ Քոնկրեսի նախկին անդամները իրենք զիրենք կը վաճառեն ոեւէ մէկուն, որ պատրաստ է իրենց դրամ տալ: Բայց «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէ՞նը… Ասիկա ոչ միայն անբարոյականութիւն է, այլ նաեւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան: Ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք չէ արտօնէ իր բարձրագոյն լրտեսին վաճառքը բարձրագոյն գին առաջարկողին… Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ յանկարծ Հիւսիսային Քորէան աւելի բարձր գին առաջարկէ անոր: Արդեօք Կաս պիտի նետուի՞ թշնամի պետութեան օգտին լոպիինկ ընելու` պարզապէս քանի մը տոլար աւելի վաստկելու համար:
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը