«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Վալենսիա կը հիւրընկալէ Մոնաքոն:
Իւրաքանչիւր խումբ պիտի փորձէ երթին իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումին իր բերդին մէջ կոլ չստանալ` դարձին մրցակիցին դաշտին վրայ դժուարութիւններու չհանդիպելու համար:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ կը սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Պալ – Մաքապի Թել Աւիւ
Սելթիք – Մալմօ
Ռափիտ Վիեննա – Շախտիոր Տոնեցք
Սքենտերպէօ – Տինամօ Զաղրեպ
Վալենսիա – Մոնաքօ
Երէկ տեղի ունեցած հինգ ճակատումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ասթանա – Ափոյել Նիկոսիա | 1-0 |
ՊԱԹԷ Պորիսով – Փարթիզան Պելկրատ | 1-0 |
Լացիօ Ռոմա – Պայէր Լեւերքուզըն | 1-0 |
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ֆ. Ք. Պրիւժ | 3-1 |
Սփորթինկ Լիզպոն – Մոսկուայի բանակայիններ | 2-1 |